Իսթանպուլի կեդրոնական՝ Իսթիքլալ փողոցին մէջ, յարձակումը իրականացուցած է Սուրիոյ քաղաքացի մը, որ ուղարկուած է սուրիական Քոպանի քաղաքէն եւ կապուած է Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) հետ։ Այս մասին ըսուած է Իսթանպուլի անվտանգութեան վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Ձերբակալուած Սուրիոյ քաղաքացի Ահլամ Ալպաշիրը հարցաքննութեան ժամանակ խոստովանած է, որ PKK-ի անդամ է։ Նշուած է, որ 23-ամեայ կինը Սուրիոյ հիւսիսէն ապօրինաբար մուտք գործած է Թուրքիա։
Անոր խօսքով՝ յարձակումը իրականացնելու հրամանը տուած է PKK-ն, աւելցուցած է ԹԱՍՍ-ը։
Գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ահաբեկիչը հնարաւոր եղած է կալանաւորել 1,2 հազար տեսախցիկներու նիւթերու ուսումնասիրութեան շնորհիւ։
«Ան ձերբակալուած է երկուշաբթի գիշեր Իսթանպուլի Էսենլեր թաղամասին մէջ. գործողութիւններ իրականացուած են նաեւ 21 հասցէներու մէջ, որոնց ընթացքին ձերբակալուած է եւս 46 կասկածեալ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 13 նոյեմբերին Իսթանպուլի մէջ հզօր պայթում որոտացած է։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տեղի ունեցածը ահաբեկչութիւն որակած են: Միջադէպի հետեւանքով մահացած է 6 մարդ, տուժած՝ աւելի քան 80-ը։
Ասելի վաղ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտնած էին կասկածելի կնոջ մասին, որ շուրջ 45 վայրկեան նստած եղած է նստարանին, ուր ալ տեղի ունեցած է միջադէպը։ Երբ կինը կանգնած է, որոտացած է պայթումը։