Agence France Press-ը փորձած է պարզել, թէ ինչպիսին են նախընտրական տրամադրութիւնները Թուրքիոյ՝ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ։
Լաթիֆ Տալիանը բեկորներու կոյտերով շրջապատուած խանութի ցուցափեղկէն կ'առաջարկէ թանկարժէք վերնաշապիկներ եւ մարզական տաբատներ Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժածներուն: Վերջին մարդը, որուն 58-ամեայ խանութպանը կ'ուզէ մեղադրել իր աւերուած քաղաքի դժբախտութիւններու մէջ, երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն է։
«Եթէ կայ մէկ մարդ, որ կրնայ վերստին ոտքի հանել այս երկիրը, Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն է»,-ըսած է Տալիանը երկրաշարժի կեդրոնական Քահրամանմարաշ քաղաքին մէջ։
Լրատուամիջոցը գրած է, որ Տալիանի եռանդը կտրուկ կը հակադրուի ցաւի եւ զայրոյթի ճիչերուն, որոնք բռնկեցան, երբ փետրուարին 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժը եւ ատոր յետցնցումներն աւերեցին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանները։ Շատերը կառավարութիւնը կը մեղադրեն աղէտին վատ արձագանգելու համար, որու հետեւանքով 50,000-է աւելի մարդ զոհուած է:
«Բայց այդ կատաղութիւնը աստիճանաբար կը զիջի իր դիրքերը եւ կը վերականգնուի վստահութիւնը այն մարդու հանդէպ, որուն այս նահանգը տուած է իր ձայներու երեք քառորդը 2018 թուականի վերջին համընդհանուր ընտրութիւններուն»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։
Այս ալ սկսած է անհանգստացնել ընդդիմութիւնը, որ յոյս ունի ընտրութիւններով վերջ դնել Էրտողանի երկու տասնամեայ իշխանութեան:
KONDA հետազօտական ընկերութեան տնօրէն Այտին Էրտեմը նշած է, որ Թուրքիոյ աղէտի գօտիին մէջ կայացած հարցումները չեն հաստատեր այն պնդումները, որ իշխող կուսակցութեան ձայները շատ նուազած են տեղի ունեցածի պատճառով։
Ճեմ Եըլտըզն այդպէս չի տեսներ իրավիճակը։ Ան Քահրամանմարաշ նահանգի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ CHP-ի 34-ամեայ փոխնախագահն է, մինչ օրս գրեթէ ոչ մէկ քարոզարշաւ չէ իրականացուցած: Ըսած է՝ կը վախնայ, որ խոր վիշտի պահուն մարդոց քուէարկելու մղելը անպարկեշտ է։
«Մենք քարոզարշաւ պիտի չընենք, քանի որ մարդիկ այստեղ ցաւ կ'ապրին։ Մենք կ'այցելենք մարդոց, որ օգնենք իրենց խնդիրներու հետ կապուած, մենք անոնց ձայնը չենք խնդրեր»,-ըսած է ան:
Քահրամանմարաշի մէջ աւելի քան 1 միլիոն մարդ կը բնակէր փետրուար 6-ի երկրաշարժէն առաջ։ Պաշտօնեաները կը դժուարանան ըսել, թէ քանի մարդ մնացած է այնտեղ այսօր։ Փողոցները լի են վրանային ճամբարներով եւ ընտանիքներով, որոնք նստած են քանդուած տուներու մօտ: Տեղացիները կ'ըսեն, որ Քահրամանմարաշը հիմնական բնակեցուած էր աւելի աղքատ մարդոցմով, որոնք հնարաւորութիւն չեն ունեցած տեղափոխուիլ։
Տնային տնտեսուհի Եասեմին Թապաքը լրատուականին ըսած է, որ բողոք չունի Քահրամանմարաշ վերադառնալու հետ կապուած: Ան յիշած է Էրտողանի խոստումը տուները մէկ տարուան մէջ վերակառուցելու մասին եւ ժպտացած. «Մեր ժողովուրդը պէտք է քիչ մը համբերէ»։
Սակայն երկու այլ կանայք, որոնք բլուրէն վար նայած են՝ դատարկ տարածքին, ուր ժամանակին բնակարաններ եղած են, այլ կարծիք յայտնած են։
«Այստեղ մարդիկ կը վախնան կառավարութեան դէմ ինչ-որ բան ըսել»,- ըսած է կիներէն մէկը։