image

Թուրքիոյ հետ սահմանի Մարկարա անցակէտով անցեալ տարի Հայաստան մուտք գործած է ՀՀ 38, մեկնած՝ 28 քաղաքացի

Թուրքիոյ հետ սահմանի Մարկարա անցակէտով անցեալ տարի Հայաստան մուտք գործած է ՀՀ 38, մեկնած՝ 28 քաղաքացի

Հայ-թրքական սահմանին գտնուող Մարկարայի անցակէտով 2023 թուականին Հայաստան մուտք գործած է Հայաստանի 38 քաղաքացի, մեկնած է՝ 28-ը:

Այս մասին յայտնած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէն:        

Այդ անցակէտը ուղիղ 30 տարուան ընդմիջումէ ետք գործարկուած էր անցեալ տարուան փետրուարին, երբ Հայաստանը երկու խմբաքանակով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր Թուրքիոյ արեւելքը տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն տուժածներուն: Հայաստանէն հարեւան երկիր մեկնած էին նաեւ փրկարարներ:

1993 թուականին Թուրքիան միակողմանիօրէն փակած էր Հայաստանի հետ օդային եւ ցամաքային սահմանը, եւ Մարկարայի անցակէտը ուղիղ երեք տասնամեակ չէր գործած:

Հայաստանի կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս հանդէս կու գայ երկու երկիրներու միջեւ ցամաքային սահմանի վերաբացման օգտին: Երկու երկիրներու միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր ցամաքային սահմանը բանալու երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձանց համար։ Հայաստանի կառավարութիւնն արդէն յայտարարած է, որ Մարկարայի անցակէտը վերանորոգուած է, եւ Հայաստանը պատրաստ է որեւէ պահու կեանքի կոչելու պայմանաւորուածութիւնը։ Թրքական կողմէն այս առնչութեամբ արձագանգ դեռ չկայ։