Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յորդորէ Հայաստանը Ատրպէյճանին փոխանցել ականազերծման «ճշգրիտ քարտէզները»։
Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը նման յայտարարութիւն տարածած է ապրիլ 4-ին՝ ականազերծման միջազգային օրուան առթիւ։
«Մենք կը կիսենք Ատրպէյճանի մտահոգութիւնը, որու ազատագրուած տարածքներուն մէջ առկայ են բազմաթիւ ականներ: Կոչ կ՚ընենք Հայաստանին ականներու ճշգրիտ քարտէզներ փոխանցելու Ատրպէյճանին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։