image

Թուրքիոյ ակնկալութիւննեըը ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններէն

Թուրքիոյ ակնկալութիւննեըը ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններէն

Գերմանիոյ նոր վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ առաջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան մատնանշած է Անգարայի եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններ կառուցելու անհրաժեշտութիւնը՝ հանրապետութեան` համայնք հնարաւոր մուտքի հիման վրայ։ Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Էրտողան մատնանշած է Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններու կառուցման անհրաժեշտութիւնը դրական օրակարգի շրջանակներուն մէջ՝ հիմնուած Թուրքիոյ՝ համայնքին միանալու հեռանկարին վրայ», կ'ըսուի ուղերձին մէջ։

Էրտողան նաեւ «վստահութիւն յայտնած է, որ ողջախոհութիւնն ու ռազմավարական տեսլականը պիտի շարունակեն գերակայել Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն մէջ»։ «Նախագահը ընդգծած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ սերտ համակարգման եւ կանոնաւոր շփումներու պահպանման արդիւնաւէտութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։