Թուրքիոյ արտաքին գործոց ծնախարարութիւնն անդրադարձած է հոկտեմբեր 31-ին Եւրոմիութեան կողմէ Թուրքիոյ մասին 2024-ի համար հրապարակուած զեկոյցին։
Այս մասին հայտնում է ermenihaber.am-ը:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․ «Մենք կը հերքենք Թուրքիոյ մասին 2024-ի զեկոյցին մէջ ԵՄ-ի անհիմն գնահատականները յատկապէս քաղաքական չափանիշերու եւ ներքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ»։
Թրքական կողմը ԵՄ-ն մեղադրած է նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու հարցով քաղաքական խնդիրներ առաջ քաշելու մէջ եւ ընդգծած, որ կ՚ակնկալէ, թէ ԵՄ-ն կը վերացնէ այդ քաղաքական խոչընդոտները։