Անգարան ընդդէմ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հայց ներկայացուցած է Միջազգային քրէական դատարան՝ անոր մեղադրելով Կազայի հատուածին մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար։ Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ այս մասին X-ի իր էջին յայտնած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան փաստաբան Մեթին Կիւլիւնկը։
«Այսօր, ներկայացնելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու խիղճը, մենք հայց ներկայացուցած ենք Հաակայի միջազգային քրէական դատարան ընդդէմ 21-րդ դարու Հիթլերի՝ Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի, որ պէտք է դատարանի առաջ կանգնի Կազայի հատուածին մէջ իր կողմէ իրագործուած ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ կատարուած բոլոր յանցագործութիւններու համար»,- գրած է ան:
Գրառման կից փաստաբանը հրապարակած է 23 էջէ բաղկացած փաստաթուղթի առաջին էջն ու ընդգծած, որ հայցը ներկայացուցած է իր երկու գործընկերներու հետ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան միջոցով, որն ալ փաստաթուղթը պիտի ուղարկէ Միջազգային քրէական դատարան։
Հայցի բովանդակութեան մէջ թրքական կողմը Միջազգային քրէական դատարանի դատախազութենէն պահանջած է հաւաքագրել Պաղեստինի ժողովուրդի դէմ Նաթանիահուի կատարած յանցագործութիւններու ապացոյցները, որ յետոյ քրէական վարոյթ նախաձեռնուի Իսրայէլի վարչապետի ու միւս մեղաւորներու նկատմամբ։ Փաստաբանները պնդած են, որ քաղաքական գործիչը «ամբողջ աշխարհի աչքի առաջ» միջազգային համաձայնագրերով արգիլուած զէնք կը կիրառէ Կազայի հատուածին մէջ։