image

Թուրքիան կը հարուածէ Սուրիոյ քրտական դիրքերը. Կան տասնեակ զոհեր

Թուրքիան կը հարուածէ Սուրիոյ քրտական դիրքերը. Կան տասնեակ զոհեր

Թրքական զօրքերը հարուածած են սուրիական Հալէպ, Ռաքքա եւ Հասաքէ նահանգներու քրտաբնակ շրջանները:

Զանգուածային յարձակումներուն զոհ գացած է առնուազն 30 մարդ, որոնց մէջ կայ 15 խաղաղ բնակիչ եւ սուրիական բանակի 15 զինուոր։

Այս մասին յայտնած է Իրաքեան Rudaw հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու գլխաւոր հրամանատարութեան։

20 Նոյեմբերին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած է «Ճանկ-սուր» ռազմական գործողութիւնը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական կազմաւորումներու դէմ։ Օրուան ընթացքին թրքական զօրքերը ոչնչացուցած են 89 թիրախ, ներառեալ՝ ապաստարան ու զինամթերքի պահեստ։

Թուրքիան 13 նոյեմբերին Իսթանպուլի կեդրոնին մէջ գտնուող Իսթիքլալ փողոցի վրայ յարձակման համար պատասխանատու կը համարէ Սուրիոյ մէջ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը եւ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը: Յիշեցնենք, որ յարձակման ժամանակ վեց մարդ զոհուած է, առնուազն 80 մարդ վիրաւորուած։