image

Թուրքիան կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան կայացման. Գերմանիոյ ԱԳՆ

Թուրքիան կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան կայացման. Գերմանիոյ ԱԳՆ

Թուրքիան կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան հաստատման, ըսուած է X-ի էջին հրապարկուած Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

«Թուրքիան խաղաղութեան կարեւոր միջնորդ է մեր հարեւան տարածքին մէջ: Թուրքիան կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան հաստատման: Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը եւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջածիրէն ներս քննարկած են այդ ուղղութեամբ յստակ քայլեր», -ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: