image

Իրանի եւ Ատրպէյճանի ՊՆ-ներու միջեւ համագործակցութեան մասին արձանագրութիւն ստորագրուած է

Իրանի եւ Ատրպէյճանի ՊՆ-ներու միջեւ համագործակցութեան մասին արձանագրութիւն ստորագրուած է

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնն այցելած է Թեհրան՝ մասնակցելու Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութեան եւ Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի միջեւ ռազմական եւ  ռազմական արհեստագիտութեան համագործակցութեան համատեղ յանձնաժողովի նիստին։

Այս մասին յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութիւնը։

Այցի ընթացքին ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար, Ռազմական արհեստագիտութեան աջակցութեան ընդհանուր տնօրինութեան ղեկավարի պաշտօնակատար, զօրավար-մայոր Ֆարիտ Ալիեւը հանդիպած է Իրանի զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-մայոր Մոհամմատրզա Աշթիանիի հետ։

Հանդիպման միտքերու հանգամանալից փոխանակում տեղի ունեցած է երկու երկիրներու միջեւ ռազմական համագործակցութեան ներկայ վիճակի եւ զարգացման հեռանկարներու շուրջ, քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։

Համատեղ յանձնաժողովի նիստին քննարկուած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի ռազմական գերատեսչութիւններու միջեւ ռազմական ոլորտի մէջ համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ գործունէութեան նոր ուղղութիւններու ու ոլորտներու բացայայտումը։

Եզրափակելով՝ ստորագրուած է արձանագրութիւն, որ կը պարունակէ յօդուածներ համագործակցութեան այն ոլորտներու վերաբերեալ, որոնց շուրջ ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն։