Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան պաղեստինեան արմատական ՀԱՄԱՍ շարժումը կը համարէ ոչ թէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, այլ «ազատագրական խմբաւորում»։
Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Էրտողանն այս մասին ըսած է խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթի ժամանակ։
«Վերջին հանդիպման ժամանակ անոնք հաւաքուեցան եւ ըսին, որ ամբողջ Արեւմուտքը ՀԱՄԱՍ-ը կը համարէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Իսրայէ՛լ, դու ես որ կրնաս ըլլալ կազմակերպութիւն, քանի որ Արեւմուտքը ձեզի շատ փող պարտք է, սակայն Թուրքիան ձեզի ոչինչ պարտք է: ՀԱՄԱՍ-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, այլ ազատագրական, «մոճահետական» խմբաւորում, որ կը պայքարի իր հողը պաշտպանելու համար»,-ըսած է Թուրքիոյ առաջնորդը։
Էրտողան չեղարկած է Իսրայէլ այցը
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նաեւ յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ լարուածութեան լոյսին տակ չեղարկած է իր այցը Իսրայէլ:
«Ես Իսրայէլ այցի ծրագիր ունէի, չեղարկեցի, այց պիտի չըլլայ»,-յայտարարած Է Էրտողան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին։
Ան քննադատած է Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի հատուածին մէջ ՝ նշելով, որ Անգարան «թոյլ չի տար Կազայի մէջ սպանել երեխաները»:
Անոր խօսքով՝ ինչպէս Կազայի հատուածի վրայ յարձակում իրականացնողները, այնպէս ալ ատոր աջակցողները «հոգեկան հիւանդութեան» նշաններ ցոյց կու տան։