Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ'ուզեն մինչեւ մարտի վերջ 4.5 մլն չափաբաժին պատուաստանիւթ ձեռք բերել, որ համատեղ մշակած են ամերիկեան Pfizer եւ գերամանկան BioNTech ընկերութիւնները:
Ինչպէս կը հաղորդէ РИА Новости-ն, այս մասին յայտարարած է երկրի առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան: Վերջինս մեկնաբանած է, որ «Քորոնա» ժահրի դէմ այդ պատուաստանիւթը ստեղծած են երկու ազգութեամբ թուրքեր, որոնք սկիզբէն ալ ցանկութիւն ունեցած են այն կիրառել Թուրքիոյ մէջ:
«Խնդիրն արտադրութեան պատասխանատւութեան մէջ էր: Բանակցութիւններու ընթացքին այդ հարցը մասամբ յաջողած ենք կարգաւորել: Մինչեւ մարտի վերջ կ'ուզենք 4.5 մլն չափաբաժին գնել, որմէ՝ 1-1.5 մլնը՝ յունուարին»,- ըսած է թուրք նախարարը:
Վերջինս աւելցուցած է, որ պայմանագիրը, ըստ ցանկութեան, կրնայ նախատեսել պատուաստանիւթի 30 մլն չափաբաժնի մատակարարում:
Համաճարակի ողջ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է աւելի քան 2,1 մլն մարդ, մահացած է՝ 19 115-ը: