Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող եւ միրգերու ներմուծմամբ զբաղող ընկերութեան կողմէ Էքուատորի մէջ գտնուող ընկերութենէն պատուիրուած ապրանքատեսակի հետ տարանցիկ երկիրներու՝ Փանամայի Հանրապետութեան, Իտալիոյ Հանրապետութեան եւ Վրաստանի տարածքով Հայաստանի Հանրապետութիւն ներմուծուած է «Քոքաին» տեսակի շուրջ մէկ թոն քաշով թմրամիջոց /շուրջ 250 միլիոն Եւրո արժողութեան/, որ յայտնաբերուած է եւ կը գտնուի ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մօտ:
Դէպքի մասին պարզած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութիւնը, 2023 թուականի մայիս 13-ին նախաձեռնած եւ իրականացող թիւ 58221423 քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին կատարուած վարութային գործողութիւններու հետեւանքով:
Քրէական վարոյթով նշանակուած է դատանիւթագիտական փորձաքննութիւն, կատարուած են հարցաքննութիւններ, տեղեկատւութեան պահանջ ուղարկուած է իրաւասու մարմիններ, հետաքննութեան մարմնին տրուած է հետախուզական միջոցառումներ ձեռնարկելու վերաբերեալ յանձնարարութիւն:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
