Turkish Airlines օդանաւային ընկերութիւնը Սթամպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկած է 407 թռիչք:
Ձիւնի տեղումները Մարտ 11-էն խախտած են օդային, ծովային ու ցամաքային հաղորդակցութիւնը, չեղարկուած է ուսումնական հոլովոյթը¬ դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ:
Վատ տեսանելիութեան պատճառով դադրեցուած է նաւերու շարժը Պոսֆորի նեղուցով: