image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա բացայայտ կերպով կը խօսի իր ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման մասին

Թուրքիա բացայայտ կերպով կը խօսի իր ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման մասին

 

Թրքական պետական ​​ալիքը ցոյց տուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ ՌԴ շարք մը տարածքներու վրայ ազդեցութեան ընդլայնման քարտէզը:

 

Թրքական պետական ​​TRT1 հեռուստաալիքը եթերի ժամանակ ցոյց տուած է Stratfor ընկերութեան կողմէ աւելի վաղ պատրաստուած Անգարայի ազդեցութեան ոլորտի ընդլայնման կանխատեսման քարտէզ:

Ընկերութիւնը կը կանխատեսէ, որ մինչ 2050 թուականը Թուրքիան կ'ընդլայնէ իր ազդեցութեան ոլորտը դէպի Պալքաններ, Հիւսիսային Ափրիկէ, Մերձաւոր Արեւելք, Անդրկովկաս, Կեդրոնական Ասիա եւ Ռուսաստանի մէկ մասի վրայ: Այդպէս, Անգարայի շահերու գօտիի քարտէզին վրայ յայտնուած էին Հիւսիսային Կովկասի, Ղրիմի հանրապետութիւնները, Քրասնոտարի եւ Սթաւրոպոլի երկրամասերը, Ռոսթովի եւ Աստրախանի շրջանները, Քալմիկիան եւ երկրի եւրոպական տարածքի հարաւը գտնուող այլ տարածաշրջաններու մասեր:

Ըստ կանխատեսումներու` Թուրքիոյ ազդեցութեան գօտիին մէջ պէտք է յայտնուին Լիպիան, Եգիպտոսը, Սէուտական Արաբիան, Իրաքը, Սուրիան, Յունաստանը, Կիպրոսը, Հայաստանը, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, Եէմէնը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ նախկին ԽՍՀՄ ասիական հանրապետութիւններու որոշ հատուածներ: