image

Շերլոք Հոլմսի լոնտոնեան տուն-թանգարանը եւ անոր հայ հիմնադիրը՝ Կրէյս Էյտինեանց

Շերլոք Հոլմսի լոնտոնեան տուն-թանգարանը եւ անոր հայ հիմնադիրը՝ Կրէյս Էյտինեանց

Լոնտոնի սրտին մէջ գտնուող աշխարհահռչակ խուզարկու Շերլոք Հոլմսի տուն-թանգարանին պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է հայկական անունի մը՝ Կրէյս Էյտինեանցի հետ։

Կրէյս Էյտինեանց ծնած է 24 Օգոստոս 1927ին, Լոնտոն։ Զաւակն էր 1915ի աղէտի հետեւանքով Օսմանեան կայսրութենէն Ռուսաստան, հոնկէ ալ Մեծն Բրիտանիա գաղթած հայ ընտանիքի մը։

1990-ին, երեք զաւակներու մայր եւ Արթուր Քոնան Տոյլի ստեղծագործութիւններու երկրպագու Կրէյսը համարձակ քայլի մը դիմեց։ Ան վաճառեց իր սեփական բնակարանը եւ ամբողջ գումարը ներդրաւ Պեյքըր փողոցին վրայ շէնք մը գնելու գործընթացի մէջ։ Թէեւ շէնքը կը կրէր 239 թիւը, Կրէյս եւ անոր որդին՝ Ճոն Էյտինեանց, յաջողեցան զայն պաշտօնապէս արձանագրել իբրեւ հանրածանօթ «221Բ» հասցէն, ուր ըստ վէպերուն՝ 1881-1904 թուականներուն ապրած են Շերլոք Հոլմսն ու Տոքթ. Ուաթսընը։

1815-ին կառուցուած այս շէնքը, հակառակ որ յօրինուած կերպարի մը բնակարանն է, կառավարութեան կողմէ ճանչցուած է իբրեւ ճարտարապետական եւ պատմական արժէք ներկայացնող կառոյց մը։ Թանգարանը անմիջապէս մեծ ժողովրդականութիւն վայելեց՝ գրաւելով հազարաւոր զբօսաշրջիկներ եւ ընտանիքին ապահովելով մեծ հարստութիւն (մօտաւորապէս 20 միլիոն փաունտ սթերլինկ)։ Սակայն, Կրէյս Էյտինեանցի կեանքը ունեցաւ ողբերգական աւարտ մը։ Ան մահացաւ 28 Նոյեմբեր 2015ին, ծերանոցի մը մէջ, 88 տարեկանին։

Ըստ մամլոյ հրապարակումներուն, ան հեռացաւ կեանքէն «սիրտը կոտրած»՝ ականատես ըլլալով իր զաւակներուն (որդւոյն՝ Ճոնի եւ երկու դուստրերուն) միջեւ ծագած ֆինանսական եւ իրաւական ծանր վէճերուն, որոնք կը վերաբերէին թանգարանի սեփականութեան եւ եկամուտներուն։ Յատկանշական է, որ Կրէյս Էյտինեանց երկար տարիներ եղած է նաեւ Լոնտոնի «Էյտ Արմենիա Ինթէրնէյշընըլ» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէնը՝ ջանալով աջակցիլ հայ ժողովուրդին եւ աշխարհին ներկայացնել Հայաստանի պատմութիւնը։ Այսօր անոր գործը կը շարունակէ որդին՝ Ճոն Էյտինեանց։