image

Թուրք պատգամաւորը Երեւանի մէջ խօսած է Հայաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու նոր էջի մասին

Թուրք պատգամաւորը Երեւանի մէջ խօսած է Հայաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու նոր էջի մասին

Թուրքիոյ մէջ յոյսով են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւնները շուտով պիտի յանգեցնեն տարածաշրջանային կայունութեան եւ սահմաններու բացման։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆաթմա Աքսալը՝ Երեւանի մէջ ընթացող ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի 108-րդ Ռոուզ-Ռոթ սեմինարի շրջածիրէն ներս։

«Թուրքիան, Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը հարեւաններ են, եւ այսօր կը բացուի նոր էջ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հետագայ զարգացման համար։ Մենք կը քաջալերենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի գործընթացը։ Բոլորս պիտի շահինք այդ խաղաղութենէն, քանի որ այն կարեւոր է ոչ միայն առանձին պետութիւններու, այլ նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար։ Խաղաղութիւնը կը տարածուի՝ սկսելով մէկ տարածաշրջանէ եւ հասնելով աշխարհի միւս կէտեր»,- նշած է Աքսալը։

Անդրադառնալով լրագրողի հարցին՝ արդեօք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բարձրացուցած Զանգեզուրի միջանցքի հարցը տարածքային պահանջ չէ՞ Հայաստանի նկատմամբ, Աքսալը նշած է․

«Սա տարածքային պահանջ չէ։ Թոյլ տուէք ըսել հետեւեալը՝ ես իսկապէս կը հաւատամ, որ խաղաղութենէն ոչ ոք կը պարտուի, իսկ պատերազմին յաղթող չկայ։ Պատերազմը չի կրնար երկարաժամկէտ յաղթանակ ապահովել։ Այժմ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ թէ՛ կառավարութիւններու, թէ՛ նախարարներու եւ նաեւ նախագահական մակարդակով։ Մենք պէտք է քիչ մը համբերատար ըլլանք եւ սպասենք արդիւնքներուն։ Ես լաւատես եմ։ Շուտով, յոյսով եմ, սահմանը պիտի բացուի, ճանապարհը պիտի կառուցուի, եւ տարածաշրջանին մէջ պիտի տիրէ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»։

Ան յիշեցուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Թուրքիա եւ նշած, որ առաջիկայ ամիսներուն կրնայ ստեղծուիլ սահմանը բանալու իրական հնարաւորութիւն․

«Կան թռիչքներ, բայց Turkish Airlines-ը դեռ չի թռիր։ Յոյս ունինք, որ շուտով դուռը պիտի բացուի, պիտի ունենանք առեւտրային եւ մշակութային կապեր։ Սա կարեւոր է ոչ միայն Հայաստանի ու Թուրքիոյ, այլեւ ողջ տարածաշրջանի համար»,- ընդգծած է ան։

Սեմինարի շրջածիրէն ներս Թուրքիայէն Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի քննարկումներուն, որոնք նուիրուած են տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն։