image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներ այցելութիւն տուած են Դամասկոս

Թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներ այցելութիւն տուած են Դամասկոս

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, պաշտպանութեան նախարարը եւ հետախուզութեան ղեկավարը հինգշաբթի անսպասելի այց կատարած են Դամասկոս՝ օրեր անց այն բանէ ետք, երբ Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութիւնը համաձայնութիւն ձեռք բերած է ԱՄՆ-ի կողմէ աջակցութիւն ստացող քիւրտերու գլխաւորած զինուած խումբը երկրի բանակին համարկելու վերաբերեալ, յայտնած է apnews.com-ը:

Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ եւ նախկին ապստամբ Ահմատ Շարաա հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի, պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի,  ազգային հետախուզութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալընի, Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Պուրհան Քէորօղլուի հետ։

Տեղական DHA լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնեան ըսած է, որ Անգարան մտադիր է հասկնալ՝ «ինչպէս պիտի իրականացուի քիւրտերու հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը»։