image
Հրատապ լուրեր:

Թունաւորման դէպք Կոտայքի մէջ. Կան տուժածներ

Թունաւորման դէպք Կոտայքի մէջ. Կան տուժածներ

 

12 Յունուարին, հերթական թունաւորման դէպքը տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ։
Shamshyan.com-ը կը յայտնէ, որ Ժամը 00։40-ի սահմաններուն Նոր Հաճընի բուժկեդրոնէն «շմոլ կազի թունաւորում՝ հարցականով» ախտորոշմամբ «Աբովեան» բժշկական կեդրոն բուժօգնութեան տեղափոխուած են քանի մը քաղաքացի։ 

Ոստիկանները պարզած են, որ հիւանդանոց տեղափոխուածներն են՝ Նոր Հաճըն քաղաքի բնակիչներ 33 ամեայ Վարդուհի Գ․-ն, 13 ամեայ Վահէ Տ․-ն, 9 ամեայ Ալեն Տ․-ն, 5 ամեայ Սիլվի Տ․-ն, 63 ամեայ Սիրվարդ Տ․-ն եւ 60 ամեայ Թամարա Տ․-ն։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ նշուած անձինք բուժօգնութեան տեղափոխուած են տան մէջ առաջացած շմոլ կազէն թունաւորման հետեւանքով։

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ բոլորը մէկ ընտանիքի անդամներ են։ 

 

Մանրամասները՝ սկզբնաղբիւրէն: