image

«Թուֆէնկեան»ի նեցուկով Մաճկալաշէնի մէջ խաղահրապարակ

«Թուֆէնկեան»ի նեցուկով Մաճկալաշէնի մէջ խաղահրապարակ

խաղահրապարակի բացման պատիւը տրուած է Մաճկալաշէնի համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանին եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի տնօրէն  Կրէկ  Պետեանին:

Զրոյցի ժամանակ հիմնադրամի արտաքին կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան կարեւորած է սահմանապահ գիւղի մէջ խաղահրապարակի կառուցման ծրագրի իրականացումը:

 

 

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքին մէջ «Թուֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ գանատահայ նուիրատուներ՝ Քլարա Գասապեանի ու Վահէ Յակոբեանի աջակցութեամբ խաղահրապարակ կառուցուած է, որու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 28 յուլիսին։

 «Արցախփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ խաղահրապարակի բացման պատիւը տրուած է Մաճկալաշէնի համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանին եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի տնօրէն  Կրէկ  Պետեանին:

Զրոյցի ժամանակ հիմնադրամի արտաքին կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան կարեւորած է սահմանապահ գիւղի մէջ խաղահրապարակի կառուցման ծրագրի իրականացումը:

«Գիւղի բլուրներէն այն կողմ մեր թշնամին է: Այսօր, մեր փոքր լուման ներդնելով գիւղի զարգացման գործին, մենք ոչ միայն թշնամիին, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տանք, որ մենք մեր ապագան կը տեսնենք այստեղ»,-ըսած է մեր զրուցակիցը:

Համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանն անհրաժեշտութիւն համարած է Մաճկալաշէնի մէջ խաղահրապարակի կառուցումը:

 «Գիւղում մօտ 80 երեխայ ունենք: Նրանք իրենց օրուայ մեծ մասն անց են կացնում խաղահրապարակում: Համայնքի զարգացման համար սա մի նոր հնարաւորութիւն է»,-նշած է Լ.Աւանէսեանը՝ Մաճկալաշէն համայնքի բնակչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով «Թուֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամին եւ գանատահայ նուիրատուներուն:

Փոքրիկ Լիլին իր ուրախութիւնե յայտնած է խաղահրապարակի կառուցման առթիւ, որ անոր խօսքով՝ ոչ միայն խաղալու հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ, այլ նաեւ՝  ընկերներու ու  հասակակիցներու հետ աւելի յաճախ հանդիպելու եւ ժամանակը  միասին անցնելու: