խաղահրապարակի բացման պատիւը տրուած է Մաճկալաշէնի համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանին եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի տնօրէն Կրէկ Պետեանին:
Զրոյցի ժամանակ հիմնադրամի արտաքին կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան կարեւորած է սահմանապահ գիւղի մէջ խաղահրապարակի կառուցման ծրագրի իրականացումը:
Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքին մէջ «Թուֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ գանատահայ նուիրատուներ՝ Քլարա Գասապեանի ու Վահէ Յակոբեանի աջակցութեամբ խաղահրապարակ կառուցուած է, որու բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 28 յուլիսին։
«Արցախփրէս»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ խաղահրապարակի բացման պատիւը տրուած է Մաճկալաշէնի համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանին եւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի տնօրէն Կրէկ Պետեանին:
Զրոյցի ժամանակ հիմնադրամի արտաքին կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան կարեւորած է սահմանապահ գիւղի մէջ խաղահրապարակի կառուցման ծրագրի իրականացումը:
«Գիւղի բլուրներէն այն կողմ մեր թշնամին է: Այսօր, մեր փոքր լուման ներդնելով գիւղի զարգացման գործին, մենք ոչ միայն թշնամիին, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց կու տանք, որ մենք մեր ապագան կը տեսնենք այստեղ»,-ըսած է մեր զրուցակիցը:
Համայնքապետ Լեռնիկ Աւանէսեանն անհրաժեշտութիւն համարած է Մաճկալաշէնի մէջ խաղահրապարակի կառուցումը:
«Գիւղում մօտ 80 երեխայ ունենք: Նրանք իրենց օրուայ մեծ մասն անց են կացնում խաղահրապարակում: Համայնքի զարգացման համար սա մի նոր հնարաւորութիւն է»,-նշած է Լ.Աւանէսեանը՝ Մաճկալաշէն համայնքի բնակչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով «Թուֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամին եւ գանատահայ նուիրատուներուն:
Փոքրիկ Լիլին իր ուրախութիւնե յայտնած է խաղահրապարակի կառուցման առթիւ, որ անոր խօսքով՝ ոչ միայն խաղալու հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ, այլ նաեւ՝ ընկերներու ու հասակակիցներու հետ աւելի յաճախ հանդիպելու եւ ժամանակը միասին անցնելու: