image

Թորոնթո. Նշուած է «Հայրերու տօն»ը

Թորոնթո. Նշուած է «Հայրերու տօն»ը

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ  հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի  նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայրերու Տօնին առիթով մեծարանքի հանդիսութիւն:

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թորոնթո քաղաքի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Երեքշաբթի 17 Յունիս 2025-ի կէսօրին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Հայր Սուրբը եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Հայրը ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Երէցներու Համախմբումի կազմակերպած Հայրերու Տօնին առթիւ մեծարանքի հանդիսութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տէր Հայրը, շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, ապա հրաւիրեց Համախմբումի ատենապետ Տիար Էտի Ուրֆալեանը եւ Հայր Սուրբը, որպէսզի գնահատեն օրուան մեծարեալ՝ Տիար Յարութիւն Շիթիլեանը եւ Տիար Հրանդ Մելքոնեանը իրենց տարիներու ծառայութեան համար:

Աւարտին, Գերպ. Հայր Սուրբը, յանուն Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքին շնորհաւորեց մեծարեալները եւ բոլոր հայրերը, մաղթելով անոնց առողջ եւ արեւշատ օրեր: