image

«Թրամփի ուղի»-ն նոր դարաշրջան կը բանայ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար․ ԱՄՆ դեսպան

«Թրամփի ուղի»-ն նոր դարաշրջան կը բանայ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար․ ԱՄՆ դեսպան

Դեսպան Քուինը Հայաստանի մէջ Ամերիկայի առեւտուրի պալատի մէջ հանդէս եկաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու եւ գործարար համայնքի հետ գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու մասին ելոյթով։

Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն:

Ան ընդգծած է օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած խաղաղութեան գագաթնաժողովի հիմնական ձեռքբերումները, մասնաւորապէս՝ խաղաղութեան ճանապարհին գրանցած առաջընթացը եւ «Թրամփի ուղի» նախագիծի մեկնարկը, որ կապուղիներու, առեւտուրի եւ հնարաւորութիւններու նոր դարաշրջան կը բանայ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար։

Վերահաստատելով Հայաստանի հետ ամուր երկկողմ յարաբերութիւններու մեր տեսլականը եւ Հայաստանի դերը որպէս տարածաշրջանային առաջատար՝ մենք ուժանիւթային անվտանգութեան, առաջադէմ արհեստագիտութիւններու, սահմաններու արդիականացման նոր նախաձեռնութիւններու եւ ներդրումներու միջոցով զարկ կու տանք ընդհանուր բարեկեցութեան։