Թրամփի վարչակազմը եւրոպական երկիրներէն հետախուզական տուեալներ խնդրած է Իրանի մէջ հնարաւոր հարուածներու համար թիրախներու վերաբերեալ, հաղորդած է Washington Post-ը՝ յղում ընելով եւրոպացի պաշտօնեաներու։
«Երկու եւրոպացի պաշտօնեայ ըսած են, որ Թրամփի վարչակազմը երկուշաբթի օր խնդրած է իրենց երկիրներէն փոխանակուիլ հետախուզական տուեալներով Իրանի մէջ հնարաւոր թիրախներու վերաբերեալ», - հաղորդած է թերթը։
Այս պաշտօնեաներէն մէկն ըսած է, որ ինքը որեւէ նշան չի տեսներ, որ Թրամփ պիտի հարուածէ միջուկային կառոյցներ: Թերթի աղբիւրը կը կարծէ, որ աւելի հաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները թիրախաւորէ այն կազմակերպութիւններու եւ ուժերու ղեկավարները, որոնք պատասխանատու կը համարուին Իրանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ բռնութեան համար: