Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն ՏեՍանթիսը դուրս եկած է 2024 թուականի նախագահական ընտրապայքարէն եւ իր աջակցութիւնը յայտնած Տանըլտ Թրամփին։
Ռոն ՏեՍանթիսը կիրակի՝ 21 յունուարին, յայտարարած է, որ դուրս կու գայ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար պայքարէն:
ՏեՍանթիսը ժամանակին կը համարուէր կուսակցութեան առաջադրման զօրաւոր յաւակնորդ, բայց կիրակի ան յայտարարած է, որ «յաղթանակի յստակ ուղի չունի»:
Նիքի Հէյլին՝ Թրամփի վերջին մրցակիցը, ըսած է, որ ինքը «միակն» է, որ կրցած է յաղթել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։