image

Թրամփի կողմէ 2 ամսուան ժամանակ Իրանին

Թրամփի կողմէ 2 ամսուան ժամանակ Իրանին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակը Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիին կը ներառէ երկամսեայ վերջնաժամկէտ՝ նոր միջուկային համաձայնագրի կնքման համար: Այդ մասին Axios-ին յայտնած են նամակի բովանդակութեան ծանօթ մէկ ամերիկացի պաշտօնեայ եւ երկու աղբիւր:

Պարզ չէ՝ երկամսեայ ժամկէտը սկսած է նամակի առաքման պահէն, թէ պիտի սկսի բանակցութիւններու մէկնարկէն ետք։ Բայց եթէ Իրանը մերժէ Թրամփի առաջարկը եւ չբանակցի, ապա Իրանի միջուկային կառոյցներու դէմ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնները կտրուկ պիտի մեծնան:

Իրանի միջուկային ծրագիրն առաջընթաց ապրած է վերջին չորս տարիներու ընթացքին, եւ երկիրն առաւել քան երբեւէ մօտ է միջուկային զէնք արտադրելուն: Անոր 60% հարստացուած ուրանի պաշարները մինչեւ 90% հարստացուելու պարագային բաւարար են վեց միջուկային ռումբի ստեղծման համար, ըստ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան: Իրանը հերքած է, որ միջուկային զէնք մտադիր է ստեղծել:

Երկու շաբաթ առաջ Fox News-ին տուած հարցազրոյցին Թրամփ բացայայտած էր, որ նամակ ուղարկած է Իրանի առաջնորդին՝ առաջարկելով ուղիղ բանակցութիւններ վարել։ «Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ անոնք միջուկային զէնք ունենան»,-ըսած էր ան։ Նամակը քանի մը օր առաջ Թրամփի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը փոխանցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամետ Պըն Զայէտին Ապու Տապիի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ։ Յետոյ նամակն առաքուած է Թեհրան:

Քաջատեղեակ աղբիւրները նշած են, որ Թրամփի նամակը Խամենէիին «կոշտ» էր: Մէկ կողմէ ան առաջարկած է բանակցութիւններ վարել նոր միջուկային համաձայնագրի շուրջ, բայց միւս կողմէ զգուշացուցած է հետեւանքներու մասին, եթէ Իրանը մերժէ առաջարկը եւ շարունակէ առաջ մղել իր միջուկային ծրագիրը: Նամակին մէջ Թրամփը նշած է, որ չուզեր անվերջ բանակցութիւններ վարել եւ նշած է երկամսեայ ժամկէտ՝ գործարքի հասնելու համար, ըսած են երկու աղբիւրներ։

Անցեալ շաբաթ Խամենէին Թրամփի նամակն ու բանակցութիւններու վերաբերեալ անոր առաջարկը որակած է «խաբէութիւն», որ միայն կոչուած է ստեղծելու տպաւորութիւն, որ Իրանը կը հրաժարի բանակցութիւններէն։ Խամենէին ըսած է, որ չաջակցիր Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, սակայն քանի մը ժամ անց ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի առաքելութիւնը յայտարարութիւն տարածած է X-ի էջին եւ չէ բացառած Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները: