image

Թրամփի երդմանակալութեան հետեւած է 24,6 միլիոն մարդ

Թրամփի երդմանակալութեան հետեւած է 24,6 միլիոն մարդ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երդմնակալութիւնը դիտած է աւելի քան 24,6 միլիոն հեռուստադիտող։ Այս մասին յայտնած Է Nielsen վերլուծական ընկերութիւնը։

Միջոցառումն ուղիղ եթերով հեռարձակած են 15 հեռուստաընկերութիւն։

Չորս տարի առաջ, ըստ Nielsen-ի տուեալներու, Ճօ Պայտընի երդմնակալութեան արարողութիւնը դիտած է 33,8 միլիոն հեռուստադիտող։ 2017 թուականին մօտ 31 միլիոն մարդ հետեւած է Թրամփի երդմնակալութեան։