Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Թուրքիան պիտի ստանայ հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչներ։ Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ»ը։
Նշեալ յայտարարութիւնը Թրամփ կատարած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Անգարայի մէջ գումարուող ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս։
«Թուրքիան պիտի ստանայ F-35 կործանիչները»,– ընդգծած է Թրամփ։
Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտնած էր, որ Անգարայի մէջ Թրամփի հետ ունեցած բանակցութիւններու հետեւանքով կ՚ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրական որոշում F-35 կործանիչներու հարցով։
Թուրքիան 2017-ին Ռուսիայէն ձեռք բերած էր S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու չորս բաժանում՝ մօտ 2.5 միլիառ տոլար արժողութեամբ։ Այդ գործարքէն ետք Անգարան դուրս մնացած էր Միացեալ Նահանգներու F-35 կործանիչներու ծրագիրէն։