Տանըլտ Թրամփ պէտք չէ հրաժարի Քիեւին զէնք մատակարարելէ: Կը կարծէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիւանը։
«Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երդմնակալութենէն ետք կրնայ օգնել ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերման, սակայն ան պէտք չէ հրաժարի Քիեւին զէնք մատակարարելէ։
Մենք բոլորս լսեր ենք, որ Թրամփ մտահոգութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ ռազմական օգնութեան շարունակականութեան վերաբերեալ, բայց մենք նաեւ լսեր ենք Տանըլտ Թրամփին շատ աւելի երկար ժամանակ արտայայտած համոզմունքը, որ ինքը պէտք է լաւ գործարք ստանայ Ամերիկայի համար, իսկ Ամերիկայի համար լաւ գործարքը կը նշանակէ, որ մենք լծակներու կարիք ունինք, եւ այդ լծակը Ուքրանիոյ ռազմական շարունակական օգնութիւնն է»,-ըսած է Սալիւանը։
Անոր խօսքով, Թրամփը պէտք է ազդանշան ուղարկէ Ռուսիոյ, որ «Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ, Եւրոպան պիտի աջակցի Ուքրանիոյ այնքան ժամանակ, քանի դեռ չեք ընդունած արդար պայմաններ՝ արդար աշխարհ ստեղծելու համար»։
«Բայց եթէ գորգը հանենք Ուքրանիոյ ոտքերու տակէն, եթէ ըսենք, որ անոնց աւելին ոչինչ կրնանք տալ, եթէ ընդունինք այն պայմանները, որ Փութինը կ՚առաջարկէ, կը կարծեմ, որ ի վերջոյ այդ զգալի վնաս կը հասցնէ Ամերիկայի շահերուն երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ»,- նշած է Սալիւանը։