image

Թրամփ մտադիր է բանակցիլ Փութինի հետ

Թրամփ մտադիր է բանակցիլ Փութինի հետ

ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ կ՚ուզէր բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ նշելով, որ այդ կրնայ տեղի ունենալ իր պարտաւորութիւնները պաշտօնապէս ստանձնելէն ետք առաջին վեց ամիսներու ընթացքին։

Թրամփ այս մասին ըսած է Մար-ա-Լակոյի իր նստավայրին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին:

«Յոյսով եմ, որ կը բանակցիմ մինչեւ վեց ամիսը լրանալը»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ հնարաւոր է, որ ան բանակցութիւններ վարէ Փութինի հետ ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք առաջին երեքէն վեց ամիսներու ընթացքին: