image

Թրամփ կը գովաբանէ Մասքը

Թրամփ  կը գովաբանէ Մասքը

Tesla-ի եւ SpaceX-ի ղեկավար, գործարար Իլոն Մասք լքած է Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան արդիւնաւէտութեան բաժանմունքի ղեկավարի պաշտօնը, որ կը գրաւէր Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին մէջ:

Պետական ծառայութեան ծիրէն ներս անոր հիմնական խնդիրը եղած է կառավարութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը՝ կրճատելով կառավարութեան ծախսերը եւ պաշտօնեաներու թիւը: Ան այդ պաշտօնին համար նշանակուած էր 130 օրով: 

Թրամփ Մասքի մասնակցութեամբ մամուլի ասուլիս հրաւիրած է, գործարարին յանձնած Սպիտակ տան խորհրդանշական ոսկէ բանալին: Մասք յայտարարած է, որ չի խզեր կապերը Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին հետ եւ անհրաժեշտութեան պարագային խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ նախագահին: Անոր խօսքով՝ արդիւնաւէտութեան բաժանմունքը պիտի շարունակէ գործունէութիւնը:

Տանըլտ Թրամփ բարձր գնահատած է իր վարչակազմին մէջ Մասքի աշխատանքը՝ շեշտելով, որ ան աշխարհի ձեռնարկատիրութեան ամենահզօր առաջնորդներէն եւ նորարարներէն մէկն է:

«Ամերիկային Իլոն Մասքի մատուցած ծառայութիւնն աննախադէպ է ժամանակակից պատմութեան մէջ»,- աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը: