«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլի մասնաճիւղին հովանաւորութեամբ՝ «Ազատ Բեմ» թատերախումբը մեծ հաճոյքով կը ներկայացնէ թատրոնի ճանչցուած բեմադրիչ եւ թատերագիր Վաչէ Ատրունիի «Ծերունին Եւ Լեռը» թատերախաղը:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան 13, 14, 15, 20, 21 եւ 22 Յունիս 2025ին, ՀԲԸՄի «Վաչէ Մանուկեան» Կատարողական Արուեստի կեդրոնին մէջ, Փասատինա:
«Ծերունին Եւ Լեռը» ապրումներով յագեցած հայկական մանրանկար մըն է, որուն մէջ պիտի տեսնենք երեք սերունդներու գոյատեւման եւ ինքնութեան փնտռտուքի պայքարը՝ Փարիզի օդակայանին մէջ:
Բեմադրութիւնը վստահուած է լիբանանահայ ճանչցուած բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանին, որուն թատերական վարպետութիւնը եւ փորձառութիւնը բազմիցս արժանացած են հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին: Թատերախաղին կը մասնակցին փորձառու դերասաններ եւ դերասանուհիներ, որոնց խաղարկութիւնը կը խոստանայ խոր ազդեցութիւն ձգել բոլոր սերունդներուն վրայ:
Վարդան Մկրտիչեան, ծնած է Պէյրութ. ան թատերական ասպարէզ մուտք գործած է 1983ին: 1988էն սկսեալ ան ուսանած է Երեւանի Պետական համալսարանի Գեղարուեստական բաժանմունքին մէջ եւ աւարտած է 1992ին։ 2000ին ան հիմնած է «Բեմ 2000» թատերախումբը. ան մինչեւ այսօր սերտօրէն կը համագործակցի հայկական բազմաթիւ թատերախումբերու հետ՝ իբրեւ դերասան եւ բեմադրիչ:
Այս բեմադրութիւնը կը նպատակադրէ դառնալ եզակի մշակութային փորձառութիւն մը՝ միաւորելով սերունդներ, յուզումներ եւ արուեստ նոյն բեմին վրայ։
Տեղեկութիւններու եւ տոմսերու ամար հեռաձայնել 626-827-1952 թիւին, կամ այցելել agbupac.org կայքը:
«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն (ԹՄՄ)
Փասատինա-Կլէնտէյլի Մասնաճիւղ