image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիս. Լարուածութիւնը կը շարունակուի

Թիֆլիս. Լարուածութիւնը կը  շարունակուի

Վրաստանի մէջ ցուցարարները շրջապատած են խորհրդարանի շէնքը՝ փորձելով արգելափակել «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքի նախագիծի ընդունումը։

Ընդունուած օրինագիծը ետ կանչելու վերջնաժամկէտը 8 մարտի ժամը 22:00-ն էր, որմէ յետոյ «Սթրաթեկիա Աղմաշենեպելիի» կուսակցութեան առաջնորդ Կիորկի Վաշաձէն ցուցարարներէն խնդրած է քուէարկել ձեռքը վեր պարզելով, եթէ անոնք կողմ են խորհրդարանը շրջափակման մէջ դնելու: Այս  ծափահարութիւններու արժանացած է։

Վերջնագրի ժամկէտի աւարտէն յետոյ ցուցարարները փորձած են ներխուժել խորհրդարան։ Անոնք սկսած են կոտրել շէնքի ապակիները եւ փորձել կոտրել բակ տանող դարպասը։ Ոստիկանութիւնը ջրցան մեքենաներ կիրառած է ։

Խորհրդարանի բակի կողմէն ուժայինները ջուր բացած են՝ ցուցարարները քշելու համար։ Անոնք նաեւ արցունքաբեր կազ կիրառած են։ Ցուցարարները պատասխանած են ոստիկաններուն՝ պայթուցիկներ նետելով անոնց վրայ։

Ուժայինները յաջողած են ցուցարարները հեռացնել խորհրդարանի ծառայողական մուտքերէն։ Ներքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցները բարձրախօսով յորդորած են ներկաները ցրուիլ։

Ցուցարարները լուսաբացը դիմաւորած են Ռուսթաւելիի պողոտային մէջ։ Ոստիկանութիւնը կրցած է այն ազատել ցուցարարներէն միայն լուսադէմին։

Նշենք, որ Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքի նախագիծի դէմ պայքարող քաղաքացիները փողոցները իջած են չորեքշաբթի: Նախ կանանց երթ իրականացուած է, որուն մասնակցած է քանի մը հազար մարդ, իսկ արդէն երեկոյեան Ռուսթաւելիի պողոտային վրայ` խորհրդարանի շէնքին մօտ, սկսած է աւելի զանգուածային ցոյց: Ուշ գիշերով ցոյցի մասնակիցները ուղղուած են դէպի Արդարադատութեան տուն, անոնք կաթուածահար ըրած են երթեւեկութիւնը, կոտրած Ռուսթաւելիի պողոտան գտնուող Ազգային թանգարանի դռները, որու հետեւանքով ստիպուած եղած են ցուցանմուշները տեղափոխել անվտանգ վայր:

Առանձին աքթիւիսթներ փորձած են մուտք գործել խորհրդարան: Ոստիկաններու ուղղութեամբ նետուած են շիշեր եւ քարեր, ի պատասխան` ոստիկանութիւնը կիրառած է արցունքաբեր կազ եւ ջրցան մեքենաներ:

Բացի այդ՝ ցուցարարները շրջած են ոստիկանական մէկ մեքենայ։ Ցոյցի մասնակիցները, որոնք դէմ են օրինագիծին, այն կ'որակեն ռուսական` պնդելով, թէ վրաց իշխանութիւնները նախագիծը մշակած ատեն կողմնորոշուած են ռուսական նմանատիպ նախագիծով: