image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիս դէմ է «3+3» ձեւաչափին

Թիֆլիս դէմ է «3+3» ձեւաչափին

Մեր այլընտրանքը այն նախաձեռնութիւններն են, որոնք մենք կ'առաջարկենք, այդ շարքին՝ եռեակի ձեւաչափը՝ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները: Անոր կը մասնակցին Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը: Թիֆլիսը պէտք է հարթակ դառնայ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու միջեւ երկխօսութեան համար:

 

Թիֆլիս հանդէս կու գայ երկիրներու՝ «եռեակի» շրջանակին մէջ բանակցութիւններու ձեւաչափ ստեղծելու նախաձեռնութեամբ, որուն մէջ Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը կը բանակցին Անդրկովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատելու համար։

Այս մասին Ուրբաթ օր խորհրդարանին մէջ ըսած է Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Զալքալիանին։

«Մեր այլընտրանքը այն նախաձեռնութիւններն են, որոնք մենք կ'առաջարկենք, այդ շարքին՝ եռեակի ձեւաչափը՝ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները: Անոր կը մասնակցին Վրաստանը, Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը: Թիֆլիսը պէտք է հարթակ դառնայ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու միջեւ երկխօսութեան համար», ըսած է Զալքալիանին։

Անոր խօսքով, Թիֆլիսը յաւակնութիւններ ունի առաջարկելու հարեւան երկիրներուն մասնակցիլ տնտեսական նախագիծերուն, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Փոխվարչապետը յիշեցուցած է Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման «Խաղաղ հարեւանութեան նախաձեռնութիւնը», որ յայտարարած է վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանին։ Անոր կարծիքով, այդ պիտի հանգստացնէ իրավիճակը նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։

Զալքալիանին Ուրբաթ օր ըսած է, որ Վրաստանը չի նախատեսեր մասնակցիլ «3+3» բանակցային ձեւաչափին (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան - Ռուսաստան, Թուրքիա, Իրան)՝ Կովկասի մէջ տնտեսական եւ հաղորդակցութեան կապերու բացման խնդիրին շուրջ։

Յիշեցնենք, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներու եւ անոնց հարեւաններուն մասնակցութեամբ այսպէս կոչուած՝ «վեցի հարթակ» կամ «3+3» ձեւաչափի (Հայաստան-Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան) ստեղծման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները: Ռուսաստանն ու Իրանը հաւանութեան արժանացուցած էին զայն: