image

«Թղթեայ որբուկը». Գրեց՝ Սիլվա Իսկիկեան- Մահսերեճեան

«Թղթեայ որբուկը». Գրեց՝  Սիլվա  Իսկիկեան- Մահսերեճեան

-Ա՜խ, Սիլվա, ինչպէ՛ս նկարագրեմ մեր սիրելի ու մէկ հատիկ Տիկին Եղիսաբեթը. թող երկնային լոյսերու մէջ ննջէ...: Ան իմ հօրս «փրկարար հրեշտակը» եղած է: Երբ մեծ մայրս կը մահանայ, Տիկին Եղիսաբեթ անտեսելով տիրող ահաւոր պայմանները, հալածանքը, ջարդը, աւերը... մահացած մեծ մօրս կողքէն կը վերցնէ միօրեայ անտէր մանուկը եւ գաղտնաբար կը փաթթէ զայն իր սեւ գոգնոցին մէջ: Հրաշքով կը յաջողի պահուըտիլ ժայռի մը խոռոչին մէջ իր երեք զաւակներուն ու նորածին Հայկազին հետ: Եղիսաբեթին կրտսերը թէեւ չորս տարեկան էր, բայց ըմբռնած էր վիճակին լրջութիւնը եւ լուռ մնալու անհրաժեշտութիւնը, սակայն Հայկազ անտեղեակ ու անօթի էր…: Եղիսաբեթ չէր գիտեր ինչպէ՞ս լռեցնէր որբուկ Հայկազը, որուն լացը կրնար վտանգել իրենց հինգին կեանքը։ Եղիսաբեթ կ՚աղօթէ՝ Աստուծմէ խնդրելով, որ Ան կասեցնէ Հայկազին լացը, եւ իր դատարկ ստինքը կը միացնէ որբուկին: Քաղցած նորածինը՝ իր արդար բնազով, անյագաբար կը ծծէ Եղիսաբեթին դատարկ ստինքը եւ վերջապէս յոգնաբեկ ու շնչասպառ, կը մտնէ խաղաղ քուն...:

 

 

 

 Մեր հայրենակցուհի  Սիլվա  Իսկիկեան-Մահսերեճեան  կը գրէ՝

Վերջերս տիկին ազատուհիէն շնորհաւորական քարտ մը ստացայ, որուն բովանդակութիւնը ակնառու էր գեղեցիկ գեղագրութեամբ, անսխալ ուղղագրութեամբ եւ անթերի շարահիւսութեամբ:

-Հիացած եմ, Տիկի՛ն Ազատուհի, ձեր գեղեցիկ Մայրենիով:

-Սիլվա՛ ջան, հօրս կը պարտիմ Մայրենիին հանդէպ ունեցած բծախնդրութիւնս եւ սէրս: Հայրս Եղեռնէն վերապրող մըն էր, որուն չէր վիճակուած լիարժէք ուսում ստանալ: Ան իր ընթերցասիրութեամբ եւ սեփական ջանքերով տիրացած էր Մայրենի լեզուին եւ ամբարած լայնածաւալ գիտելիք: Գիրքը իր սէրն էր, անփոխարինելի հաճոյքն էր…։ Ան կը քաջալերէր ընթերցանութիւնը եւ մեզի համար կ՚ապահովէր մեր հետաքրքրութիւնը լիացնող գիրքեր, ապա կը գնահատէր մեր ջանքերը փոքր նուէրներով: Ուսումնատենջ հօրս երազանքն էր, որ մենք՝ իր վեց զաւակները, բարձրագոյն ուսում ստանանք: Հետեւաբար, մեր այսօրուան ուսման մակարդակը կը պարտինք հօրս հետեւողական քաջալերանքին, բարոյական եւ նիւթական նեցուկին: Հայրս յաճախ կ՚ըսէր. «Աղջի՛կս, տղա՛ս, թուղթին հանդէպ յարգանք ունեցէք: Թուղթը երբեք մի՛ վատնէք: Թուղթին ամբողջ մակերեսը գործածեցէ՛ք. մէկ երկու բառ գրելէ ետք աղբաման մի՛ շպրտէք։ Դուք տեղեակ էք չէ՞, որ ես ինչպէ՞ս հայերէն տառերը սորված եմ»: Հօրս թելադրանքները գոց սորված էինք, իսկ «խորհրդաւոր» հարցումին կը պատասխանէինք.  «Այո՛, հայրս, գիտենք եւ շատ լաւ գիտենք, որ դուն Ճիպէյլի աւազներուն վրայ սորված ես Այբուբենը: Դուն միշտ ալ կտոր մը թուղթի կարօտը ունեցած ես...»:

Հետաքրքրութեամբ կը լսեմ Ազատուհին, որ կը շարունակէ պատմել. «Ամրան արեւոտ օրերը մեր մանկութեան զուարթագոյն օրերն էին: Հայրս Կիրակի օրերը իր մսավաճառի խանութը միւս օրերէն աւելի շուտ կը փակէր եւ կը փութար տուն: Մենք քաջ իմանալով հօրս Կիրակնօրեայ նախասիրութիւնը՝ պտոյտ դէպի Ճիպէյլի ծովեզերքը, մեր ծովազգեստները կը հագնէինք եւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէինք իրեն: Չեմ յիշեր՝ քոյր- եղբայրներէս ոեւէ մէկուն ձանձրոյթի կամ դժգոհանքի արտայայտութիւնը, նոյն վայրը այցելելու առնչութեամբ եւ կամ որեւէ առաջարկ՝ այլ ծովափ մը այցելելու: Մենք բոլորս գիտէինք, թէ Ճիպէյլի աւազները որքա՜ն արժէքաւոր ու հարազատ էին մեր հօր համար...»:

Խօսակիցիս՝ Ազատուհիին, դէմքին վրայ քաղցր ժպիտ մը կը գծուի, երբ ան կը նկարագրէ իր հօր սէրը Մայրենիին հանդէպ. «Հայրս աւազին վրայ կը գրէր Ա, Բ, Գ-ը այնպիսի հրճուանքով ու սիրով, ինչպէս որ սիրահար մը պիտի գրէր իր սիրուհիին անունը: Հայրս հմայողը միայն Ճիպէյլի աւազը չէր, այլեւ յարակից որբանոցը՝ Թռչնոց Բոյնը, որ իրեն համար եղած էր տուն, ապաստանարան, մայր, ընտանիք, դպրոց, սէր... կարելի է ըսել ամբողջ աշխարհ մը: Ան յուզումով եւ կարօտով կը նկարագրէր Ճիպէյլի որբանոցը, անձուկ պայմանները, մասնաւորաբար կը շեշտէր այն իրողութիւնը, որ թուղթի չգոյութեան կամ սակաւութեան պատճառաւ, իրենց դասապահները կը «փոխադրուէին» ծովուն աւազներուն վրայ»:

-Ազատուհի ջան, չէի գիտեր, որ հայրդ Եղեռնի վերապրողներէն էր,- կ՚ըսեմ զարմացած։ Տիկին Ազատուհի երկար հոգոց մը հանելէ ետք կը պատմէ հօրը ոդիսականը. «Հայրս բնական պայմաններու մէջ ծնած չէր, ոչ ալ սնուած էր իր մօր կաթնաբոյր ստինքներէն: Ան ճերմակ խանձարուրով չէր փաթթուած, ո՛չ ալ բախտը ունեցած էր մայրական քաղցր օրօրներ լսելու: Հայրս լոյս աշխարհ եկած էր 1915-ին՝ սեփ-սեւ օրուան մը մէջ: Իր ծնունդէն քանի մը ժամ առաջ, իր բազմանդամ ընտանիքը բռնի տեղահանուած էր Ագսերայի մէջ գտնուող իրենց սեփական օճախէն, ապա իրենց տան սեմին չարաչար սպաննուած էին իր հայրն ու ինը եղբայրները: Հրաշքով փրկուած էր աւագ եղբայրը՝ Արամը...: Մեծ մայրս՝ Սրբուհին, որ գրեթէ ամբողջացուցած էր իր յղութեան շրջանը, ականատես ըլլալով իր ամուսնոյն ու որդիներուն եղերական սպանդին... գրեթէ խելագար եւ ուշակորոյս վիճակով գետին կ՚իյնայ, աջ ու ահեակ գալարուելով ծնունդ կու տայ հօրս՝ Հայկազին: «Բարեբախտաբար», մեծ մայրս չարթննար իր մահաքունէն։ Կարծես թէ անոր արիւնաքամ ըլլալը նախախնամութեան մէկ «բարիք»ն էր: Այլապէս ինչպէ՞ս պիտի կարենար տոկալ ինը զաւակներուն ու ամուսնոյն կորուստի ցաւին, տեղահանութեան տառապանքին ու յաջորդող շարան մը զրկանքներուն...»:

Այս սահմռկեցուցիչ պատահարներուն նկարագրականէն ետք, խեղդուած ձայնով կ՚ըսեմ. «Ազատուհի՛ ջան, անհամբեր եմ իմանալու նորածին Հայկազին՝ հօրդ ճակատագիրը»:

 

-Ա՜խ, Սիլվա, ինչպէ՛ս նկարագրեմ մեր սիրելի ու մէկ հատիկ Տիկին Եղիսաբեթը. թող երկնային լոյսերու մէջ ննջէ...: Ան իմ հօրս «փրկարար հրեշտակը» եղած է: Երբ մեծ մայրս կը մահանայ, Տիկին Եղիսաբեթ անտեսելով տիրող ահաւոր պայմանները, հալածանքը, ջարդը, աւերը... մահացած մեծ մօրս կողքէն կը վերցնէ միօրեայ անտէր մանուկը եւ գաղտնաբար կը փաթթէ զայն իր սեւ գոգնոցին մէջ: Հրաշքով կը յաջողի պահուըտիլ ժայռի մը խոռոչին մէջ իր երեք զաւակներուն ու նորածին Հայկազին հետ: Եղիսաբեթին կրտսերը թէեւ չորս տարեկան էր, բայց ըմբռնած էր վիճակին լրջութիւնը եւ լուռ մնալու անհրաժեշտութիւնը, սակայն Հայկազ անտեղեակ ու անօթի էր…: Եղիսաբեթ չէր գիտեր ինչպէ՞ս լռեցնէր որբուկ Հայկազը, որուն լացը կրնար վտանգել իրենց հինգին կեանքը։ Եղիսաբեթ կ՚աղօթէ՝ Աստուծմէ խնդրելով, որ Ան կասեցնէ Հայկազին լացը, եւ իր դատարկ ստինքը կը միացնէ որբուկին: Քաղցած նորածինը՝ իր արդար բնազով, անյագաբար կը ծծէ Եղիսաբեթին դատարկ ստինքը եւ վերջապէս յոգնաբեկ ու շնչասպառ, կը մտնէ խաղաղ քուն...:

Եղիսաբեթ իր կեանքի ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ կը հոգայ հօրս այնպէս, ինչպէս իր սեփական զաւակները: Հացի, ջուրի, սնունդի եւ տարրական անհրաժեշտութիւններու չգոյութիւնը չեն յաջողիր ընկրկեցնել խղճամիտ ու բարի Եղիսաբեթին կորովը: Կաթի փոխարէն՝ խաշած բրինձի հեղուկով, հազուադէպ ճարուող կտոր մը շաքարով եւ «մայրական» գորովով կը խնամէ հայրս ( հաւանաբար երկու տարի), մինչեւ որ կը սպառին բոլոր հնարաւորութիւնները...: Եղիսաբեթ իր սիրելի որբուկը կը յանձնէ Զուիցերացի Միսիոնարներու խումբին, որոնք նուիրուած էին որբահաւաքի եւ մարդասիրական ծառայութեան: Բաժանումը շատ դառն ու ցաւոտ կ՚ըլլայ, ապակիի կտորով մը պատռուած սրտի պէս..., սակայն Եղիսաբեթ ինքզինք կը մխիթարէ՝ հաւատալով, որ Հայկազ գալիք օրերուն պիտի ունենայ աւելի բարենպաստ պայմաններ, սնունդ, կապուստ եւ ուսում: Այնուհետեւ, Հայկազ իրեն բախտակից մեծաթիւ որբերու հետ կը փոխադրուի Լիբանանի մէջ գործող Ղազիրի որբանոց, ապա՝ Ճիպէյլի Թռչնոց բոյն։ Եղիսաբէթ խաղաղ ու ապահով օրերու հեռանկարով, իր երեք զաւակներուն հետ կը բարձրանայ Հայ գաղթականներ փոխադրող նաւը եւ կը հասնին Յունաստան: Ժամանակ մը հոն բնակութիւն հաստատելէ ետք, կը փոխադրուի Լիբանան:

Տարիները կը սահին, եւ տարագրութեան «մրուրը ըմպած» մանուկները, որոնցմէ մին հայրս էր, կը դառնան երիտասարդներ, գործատէրեր, ընտանիքի հայրեր եւ լուսաւոր ապագայի տեսլականով տոգորուած սփիւռքահայեր»:

-Տիկի՛ն Ազատուհի, հայրդ երբեւէ հանդիպեցա՞ւ իր փրկարարին՝ Եղիսաբեթին:

-Ա՜խ Սիլվա, շատ յուզիչ երեւոյթ է, երբ վերապրող հարազատները իրար կը վերագտնեն: Մենք ականատես եղանք հօրս եւ Տիկին Եղիսաբեթին հանդիպմանը: Կարելի չէ գրիչով նկարագրել անոնց հրճուանքը, աչքերէն ճառագայթող փայլքը, երջանկութեան արցունքները, ջերմ ողջագուրումը...: Տիկին Եղիսաբեթ նիփ-նիհար, գրեթէ չորցած ու խորշոմած պառաւ մը դարձած էր: Թէեւ ան հարիւր պատճառ ունեցած էր կեանքին դէմ դառնանալու, բայց մնացած էր վաղեմի բարեհամբոյր խառնուածքով կինը, որուն խօսքերէն կարծես մեղր կը ծորէր: Տիկին Եղիսաբէթ յաճախ կ՚այցելէր մեզի, եւ հօրս վեց զաւակները իր հարազատ թոռնիկները կը սեպէր:

Հայրս զինք հրեշտակ կը կոչէր:

-Տիկին ազատուհի՛, արդեօք սպանդէն ճողոպրած հօրեղբայրդ՝ Արամը, երբեք իմացա՞ւ հօրդ ծնունդը...

-Այո՛, Սիլվա, երիտասարդ Արամը եղեռնէն ինը տարիներ ետք կ՚իմանայ, որ իր եղբայրը, որուն ծնունդէն ալ տեղեակ չէր, կը գտնուի Ճիպէյլի որբանոցին մէջ: Հետեւաբար Արամին միակ ցանկութիւնը կ՚ըլլայ, որեւէ ձեւով հասնիլ Ճիպէյլ եւ ստանձնել իր մէկ հատիկ եղբօր հոգածութիւնը: Հօրեղբայրս կը պատմէր, թէ ինը տարեկան հայրս խստօրէն կը մերժէ որբանոցէն հեռանալու եւ իրեն ընկերակցելու գաղափարը: Ան լալով ոտքերը գետին կը զարնէ եւ կը պնդէ ըսելով. « Հո՛ս է՝ իմ տունս. ես ուրիշ տուն չե՛մ ուզեր: Իմ մամաս Մարիա Ճէյքըպսընն է, ես հոս եղբայրներ ու քոյրեր ունիմ, իրենց շատ կը սիրեմ...»: Վերջապէս, մեծ ճիգով եւ դժուարութեամբ հայրս կը համոզուի ու կ՚ընկերակցի Արամին, որուն երդիքին տակ մինչեւ իր ամուսնութիւնը կը վայելէ հարազատ եղբօր ու անոր կնոջ գորովալից սէրն ու խնամքը: Հայրս թէեւ կ՚ունենայ իր բազմանդամ ընտանիքը, սեփական բնակարանը, մեծ գրադարան մը, բարեկեցիկ կեանք մը, սակայն որբանոցը, Մամա Ճէյքըպսընը, եւ իր բախտակից քոյր-եղբայրները երբեք չեն լքեր իր սիրտը... նոյնպէս հօրս ոտքերէն չեն «թօթափիր» Ճիպէյլի տաքուկ ու «լուսատու» աւազի հատիկները, որոնք ուսումնատենջ եւ աղքատ որբուկին համար, փոխարինած էին անհասանելի թուղթի պատառիկները եւ գրկած անոր սիրելի ոսկեղնիկը:

Յ.Գ. Հոս կ՚արժէ յիշել Եղիսաբեթին փրկած միօրեայ Հայկազին ընտանեկան ծառը, այսօր կը բաղկանայ 6 զաւակէ, 14 թոռներէ, 26 ծոռներէ եւ տակաւին ոստեր կ՚արձակէ: