image

Թեքսասի մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է մօտ 80-ի

Թեքսասի մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է մօտ 80-ի

Ամերիկայի Թեքսաս նահանգի Հիլ Քանթրի շրջանին մէջ յորդառատ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու հետեւանքով Կուատալուփէ գետը դուրս եկած է ափերէն՝ հասնելով երկու յարկանի շէնքի բարձրութեան։ Զոհուած է 81 մարդ, անհետ կորսուած՝ 41-ը։

Անհետ կորսուածներու շարքին են «Քեմփ Միսթիք» մանկական ճամբարի 10 երեխայ եւ 1 դաստիարակ։ Ճամբարին մէջ ջրհեղեղի պահուն գտնուած է շուրջ 750 երեխայ։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կիրակի առաւօտեան աղէտի գօտիի կարգավիճակ հաստատած է Քերր գաւառին մէջ։

Ջրային փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին ամբողջ Կուատալուփէ գետի երկայնքով։ Նահանգապետը կոչ ըրած է քաղաքացիներուն յայտնելու անհետ կորսուած հարազատներու մասին, որ փրկարարները կարողանան բոլորը գտնել։