image

Թեմակալ Առաջնորդին այցը՝ Թեսաղոնիկէ

Թեմակալ  Առաջնորդին այցը՝ Թեսաղոնիկէ

Օրերս Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան հովուական այցելութիւն մը տուած է Թեսաղոնիկէի համայնք։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի դիմատետրեան  պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

     Շաբաթ, 17 Փետրուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 07:30-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբին եւ հոգեւոր հովիւին ընկերակցութեամբ, այցելեց Սերրեսի հայ համայնքին։ 

     Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Սերրեսի հայ համայնքի սրահէն ներս, ուր «Տիկնանց» յանձնախումբը մատաղի պատրաստութեան լծուած էր։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը մօտէն հետեւելով աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց նուիրումն ու ծառայութեան ոգին։ Ապա տեղի ունեցաւ ընթրիք՝ «Տիկնանց» անդամուհիներուն կողմէ պատրաստուած։

     Ընթրիքը սկիզբ առաւ Սրբազան հօր աղօթքով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի ատենապետ՝ Վազգէն Յարութիւնեանը, որ իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր ներկայութեան համար։ Իսկ Սրբազան հայրը, իր կարգին,  իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց կազմակերպած սիրոյ սեղանին համար։

 

ՍԵՐՐԵՍԻ «Ս. ՍԱՐԳԻՍ» ՄԱՏՐԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 

     Կիրակի, 18 Փետրուար 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սերրեսի «Ս. Սարգիս» Մատրան մէջ մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք։ 

     Ս. Պատարագը մատուցեց եւ մատաղօրհնէքին նախագահեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, որուն պասարկեցին՝ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Հայր Սուրբը եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Խորանի սպասարկութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս սարկաւագները, իսկ երգեցողութիւնը՝ Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ դպրաց դասը։

      «Ս. Սարգիս» Մատրան տօնին անդրադառնալով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը քարոզին ընթացքին մէջբերեց Ս. Սարգիս զօրավարին կեանքը եւ հաւատացեալներուն թելադրեց, որ անոր ապրած վարքին հետեւելով, ապրին իրենց կեանքը։ Ապա շեշտը դրաւ հաւաքականութեան միասնականութեան եւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան մասին եւ յայտնեց, որ համայնքի մը անդամներուն քանակը չէ էականը, այլեւ՝ որակը, որովհետեւ  նուիրումի եւ ծառայութեանց շնորհիւ է, որ մեր  եկեղեցին կանգուն մնացած է, գործած է եւ պիտի շարունակէ գործել՝ անշահախնդիր ծառայութեան ջահը փոխանցելով նոր սերունդին։

     Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ եկեղեցւոյ բոլոր բարերարներուն եւ սպասաւորներուն հոգիներուն համար։

     Աւարտին, եկեղեցւոյ բակին մէջ, համազգայինի «ՄԱՍԻՍ» պարախումբը ներկայացուց  երեք հայկական պարեր, որմէ ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ եւ երեք շրջաններու ժողովուրդին մասնակցութեամբ։