Ինչպէս աւելի վաղ ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աղբիւրներ յայտարարած էին, որ յառաջիկային Բերիոյ Թեմին համար կենսական եւ օրակարգային պիտի ըլլայ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցական համալիրի ամբողջական վերանորոգումը։
Յիշեցնենք, որ Սուրիան հարուածած պատերազմի ծանր ժամանակներուն, ինչպէս բազում պաշտամունքի վայրեր, եկեղեցիներ եւ մզկիթներ վնասներ կրած էին, նոյնպէս ալ ծանր վնասներու ենթարկուած էր Տէր Զօրի Սրբոց Նահատական եկեղեցական համալիրը, որ խորքին մէջ հայ ժողովուրդի յարութեան ճշմարիտ վկայարաններէն մին էր։
Նոյն առումով եւ ըստ Բերիոյ Թեմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան օրերս խումբ մը ազգայիններ նոյն նպատակներով այցելած են Տէր Զօր։
Սոյն այցը ունեցած է Թեմակալ Առաջնորդի բարձր տնօրինութիւնը եւ այդ մասին ալ կը ներկայացնենք Թեմին կողմէ տարածուած լրատւութիւնը։
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ին, երկրչփ. Զաւէն Պարտաքճեան պատուիրակութեամբ այցելեց Տէր Զօր, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Տէր Զօրի ազգայիններ Սուրէն եւ Գէորգ Վարդանեաններուն կողմէ։
Այցելութեան նպատակն էր իրազեկ դառնալ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի ներկայ իրավիճակին եւ վերանորոգութեան նախապատրաստական աշխատանքները կատարել։
Թեմի պատուիրակութիւնը Տէր Զօրի մէջ այցելեց նաեւ Տէր Զօրի նահանգապետ դատաւոր Ֆատէլ Նաճճարին, որուն հետ խորհրդակցեցաւ Յուշահամալիրի վերանորոգութեան կարեւորութեան մասին։
Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, երկրչփ. Զաւէն Պարտաքճեանը հանդիպում ունեցաւ Ազգ. Վարչութեան հետ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հանդիպման ընթացքին, ան զեկոյց ներկայացուց Տէր Զօր կատարած իր այցելութեան եւ նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։



