Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին կիրակի երեկոյեան Թեհրանի մէջ հանդիպած եւ բանակցութիւններ վարած է ՀԱՄԱՍ-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի հետ, եւ կողմերը քննարկած են իրավիճակը Կազայի հատուածին մէջ, հաղորդած է իրանեան Fars գործակալութիւնը:
Հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Հանդիպման ընթացքին Հանիէն ներկայացուցած է Կազայի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու եւ Կազայի մէջ Սիոնիստական ռեժիմի յանցագործութիւններու մասին։
Բարձր գնահատելով Կազայի ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ դատապարտելով Իսրայէլի յանցագործութիւնները ՝ Խամենէին ընդգծած է իսլամական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ լուրջ գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ իսլամական պետութիւններու կառավարութիւններու կողմէ Պաղեստինի ժողովուրդին համակողմանի աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: