Ռուսաստանը տակաւին պատրաստ չէ Ուքրանիոյ տարածք ներխուժման, բայց կը գտնուի ռազմական գործողութեան նախապատրաստման աւարտական փուլին մէջ: Այդ մասին կը յայտնէ The New York Times-ը` յղում ընելով Ուքրանիոյ ռազմական հրամանատարութեան իր աղբիւրներուն:
Մասնաւորապէս, պարբերականի զրուցակիցները նշած են վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին դէպի Խրիմ ռուսական մօտ 10.000 զինուորներու տեղափոխման եւ թերակղզիի որոշ հատուածներու մէջ գտնուող ստորաբաժանումներուն մարտական պատրաստութեան վիճակի բերելու մասին:
Բացի այդ, Ուքրանիոյ ռազմական հրամանատարութեան աղբիւրները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են այն մասին, որ Խրիմ ուղարկուած են Ռոսկվարտիայի ստորաբաժանումներ, որոնք, ինչպէս կը կարծեն պարբերականի զրուցակիցները, կրնան օգտագործուիլ նուաճուած տարածքներու մէջ վերահսկողութիւն համար:
Ռազմական փորձագէտները կը նշեն, որ Խրիմի մէջ` Ուքրանիոյ հետ սահմանին, կը նկատուի ռազմագործողութեան նախապատրաստութիւն, «ինչպէս այդ կը կատարուի դասագիրքերով». հիւանդանոցներու, կապի համակարգերու եւ ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի միջոցներու բացազատում, օդագնացութեան եւ լրացուցիչ ռազմական ստորաբաժանումներու տեղափոխում:
Փորձագէտներու կարծիքով` ռազմագործողութեան սկսման նախապատրաստական աշխատանքները Ռուսաստանը կ'աւարտէ մի քանի շաբթուայ ընթացքին: Առայժմ, կը նշեն անոնք, սահմաններուն մօտ Ռուսաստանը բաւարար թիւով զինուորներ ունի, բայց լիովին չեն կառուցուած մատակարարման գիծերն ու այլ ենթակառուցուածքներ: Ընդ որում, պարբերականի գրեթէ բոլոր զրուցակիցները այն կարծիքին են, որ նախկինին պէս հասկնալի չէ, թէ ինչ նպատակներ կը հետապնդէ Ռուսաստանը` իր զօրքերը տեղակայելով Ուքրանիոյ հետ սահմանին:
Արեւմտեան քաղաքական գործիչները եւ լրատուամիջոցները մի քանի ամիսէ կը յայտնեն Ուքրանիոյ հետ սահմանին ռուսական զօրքերու տեղակայման մասին, որ, անոնց կարծիքով, կրնյ վկայել ներխուժման նախապատրաստութեան մասին: Ուքրանիոյ վրայ յարձակման պարագային Արեւմուտքը կը պատրաստուի պատժամիջոցներ սահմանելու Ռուսաստանի նկատմամբ:
Ռուսաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ չեն պատրաստուիր յարձակելու Ուքրանիոյ վրայ, իսկ սահմաններուն մօտ զօրքերու տեղակայումը կապուած է զօրավարժութիւններու կայացման հետ: