image

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Մտածումներ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Մտածումներ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ճիշդ գրելու եւ խօսելու դժուարութիւն ունինք։ Իմ համոզմամբ նախքան գրելը պէտք է լաւ կարդանք։ Պայման չէ ամէն հայ գրող ըլլայ, բայց պայման է ամէն հայ որոշ չափով կարդացող ըլլայ։ Կարդալով մօտէն կը ճանչնանք մեր հոգեմտաւոր արժէքները եւ գրական հարստութիւնները։ Կարդալու կարիք ունինք։ Մարդիկ ընդհանրապէս հայ գիրքին նկատմամբ չունին հետաքրքրասիրութիւն կամ մտերմութիւն։ Ա՜խ այս անխօս գիրքերը, մնացած են անտէր, անշուք եւ մոռացութեան ենթակայ։ Կան ընտանիքներ, որոնք կը պարծենան թէ իրենց մեծ հօր կամ մօր կողմէ  "ժառանգած" են բազմահատոր գիրքեր, ընդարձակ բառարաններ, եւ գրողներու երկեր։ Անոնք այդ գիրքերով տան պատերը զարդարած են, կամ սենեակի մը ուշագրաւ բաժինը գրադարանի վերածած են։ Գիրքերը "խեղդամահ" եղած են։ Հեղինակներուն ոսկեղէն մտածումները դադրած են խօսուն ըլլալէ, գաղափարները մնացած են անհաղորդ իսկ գրողներուն հայատրոփ կանչը անլսելի։

Նախքան տպագրութեան գիւտը (15րդ դարէն առաջ), գիրք գնելը ընկերութեան հարուստ դասակարգին վերապահուած էր։ Նիւթական լաւ պայմաններով ապրողները արժէքաւոր  ձեռագիրներ ունէին։ Այդպիսի մշակութասէր անձեր "Մատեան"ներ ստանալու համար մեծածախս գումարներ կը յատկացնէին։  Տպագրական գիւտը բարիք էր։ Գիրքի լայն տարածման նպաստող հրաշալի բարիք։ Հայերը եւս այս բարիքէն բաժին հանելու սրբազան գործին լծուեցան։ 1512ին, Վենետիկի մէջ հայերէն առաջին տպագիր գիրքը` "Ուրբաթագիրքը" հրատարակուեցաւ։ 1666ին Ամեսթերտամի մէջ հայերէնով Աստուածաշունչ Մատեանը լոյս տեսաւ։ Ժամանակի ընթացքին գիրքը աւելի հասանելի դարձաւ։ Ներկայիս բազմաթիւ  հրատարակչատուներ, գրադարաններ, եւ գրախանութներ կան։ Գիրքեր եւ թերթեր կը տպուին, գրական երեկոներ  կը կազմակերպուին, գիրքերու ցուցահանդէս _վաճառք կը կատարուի, համացանցի ճամբով կայքէջերէն մեր գրողներուն գործերը կը ներկայացուին։ Առիթներ շատ, ընդառաջողներ քիչ։ Գիրքեր անսահման, կարդացողներ սակաւաթիւ։ Գրիչ շարժողներուն ներկայութիւնն է ողջունելի, իսկ գնահատողներու թուային պատկերը ափսոսալի։ Հայադրոշմ գրութիւններն են շարունակելի, իսկ կարդալու եւ  արժեւորելու տրամադրութիւնը  յաճախ կը բացակայի։

Թարգմանչաց տօնն է։ Ինքնութեան պահպանման եւ մշակոյթի տարածման նպատակով մեր ուսուցչապետը` Ս.Մեսրոպ Մաշտոց ողջ հայութեան  կտակեց հրաշակերտ գիրերը։ Գիրերու գիւտը ազգային հրաշք է, հոգեւոր զարթօնքի նշան, սեփական արժէքներով պատուաբեր գալիք կերտելու ներշնչարան, մտքի թռիչքի թարգման եւ Աստուծոյ շնորհքին վկան։ Հետեւաբար զարմանահրաշ դէպքի, գերբնական երեւոյթի եւ ակիւնադարձային իրագործումի յիշատակութիւնն է Թարգմանչացը։ Այս տօնը հրճուանք զգալու եւ պարծենալու եզակի առիթ է։ Տօն մը, որ իր խորքով հայ գիրքը սիրել կը թելադրէ։ Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց պատուական, հաւատաւոր, հաւատարիմ եւ  ուսումնատենչ ուխտաւորները հայուն պատիւը փրկել վճռեցին եւ իրենց նպատակը իրագործեցին շնորհելով` Աստուածաշունչ հայախօս, շարականներ հոգեխօս, աղօթքներ խնկաբոյր, հոգեշահ խրատներ եւ դաստիարակիչ թարգմանութիւններ։

Մենք պարտական ենք հայ գիրերուն նկատմամբ գուրգուրալից վերաբերմունք ցուցաբերել։ Օտարը կրնայ գնահատել, բայց մենք գնահատելու սահմանէն անդին` պէտք տէր կանգնինք մեր սրբաշող գիրերուն, որոնք մեր ինքնութիւնը այլասերման վտանգէն կ`ազատեն, վաւերական հայ ապրելու կը նպաստեն, մեր հարուստ լեզուին գանձերը կը բայացայայտեն, հարազատ ոճով արտայայտուելու եւ իւրայատուկ բառամթերքներով միտքը պարզելու կը ծառայեն։ Այս բոլորը փորձառաբար կը սորվինք երբ Հայ գիրին ու գիրքին հետ մտերմանանք։ Հայ գիրքէն եթէ հեռանանք` պիտի ուրանանք մեր գիրերուն հրաշք ըլլալը, այն ատեն Թարգմանչաց տօնը իր իմաստէն պիտի պարպուի, մենք կիսակատար հայ պիտի ըլլանք եւ մեր գոյութեան արմատէն աստիճանաբար պիտի հեռանանք։

Հայերէն կարդալով մեր միտքը կը պայծառանայ, մտապաշարը կը հարստանայ, բառագիտութիւնը կը զարգանայ եւ որպէս ուխտապահ հայապահպանման մեր երթը յաղթաբեր կը դառնայ։

Ամէն օր Սրբոց Թարգմանչաց խորհուրդը ապրիլը կարելի է` երբ հայերէն լեզուով աղօթելու ջերմ փափաքը ունենանք, երբ հայերէն  Աստուածաշունչը հաւատքով կարդալու մղումը ունենանք, երբ մեր գրական անդաստանի լուսապայծառ պատկերէն ներշնչուինք, երբ հայ մնալու համար գիրով ու գիրքով պայքարինք։

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնը հրաւէր է աւելի հայանալու եւ կարդալու "դասապահը" կեանքի դպրոցին մէջ շարունակելու։

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...