image

Քրիստոսի Յաղթական Յարութիւնը. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Քրիստոսի Յաղթական Յարութիւնը. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Կիրակին է յուսադրական, դատարկ գերեզմանը եղաւ լուռ վկան Տիրոջ Յարութեան։ Կիրակին է յաղթութեան, հրեշտակը հռչակեց լուրը մխիթարական։ Կիրակին է վերանորոգման, խոստումները կատարուեցան եւ մարգարէութիւնները իրականացան։ Յարութեան Կիրակին է պատմական, նոր էջ բացուեցաւ` լուսաշող ու սրբազան։

Ի՜նչ մեծ անակնկալ, խորհուրդ աստուածային,դէպք հրաշալի եւ ծանուցում եզակի։ 

Տիրոջ գերեզմանը վերջին հանգրուանը չէ, վերջակէտը չէ,  կախման կէտ կայ, փակագիծ ընդլայնուած, գլխագիր նոր սկիզբի, խորագիր խորհրդաւոր  եւ ուրախալի յայտարարութիւն թէ` "Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց"։

Ճշմարիտ Զատիկին Գառնուկը Քրիստոսն է, անմահութեան շունչով փրկութեան հրաւիրողը Քրիստոսն է, չարն ու մահը խորտակողը Քրիստոսն է։ Մինչեւ գերեզման չէ մեր երկրաւոր երթը, այլ` դէպի Վերին Երուսաղէմի ուխտագնացութիւն։ Աշխարհով սահմանափակուող չէ մեր ժամանակաւոր կեանքը, այլ` ճանապարհորդութիւն է դէպի  յաւիտենականութիւն։

Առանց Քրիստոսի յարութեան մեր հաւատքը անհիմն է, "Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը"։(Ա.Կր 15.17)

Առանց Քրիստոսի յարութեան` Քրիստոսի առաքելութիւնը աստուծային հեղինակութիւն պիտի չունենար, եւ Իր թագաւորութիւնը այս աշխարհի թագաւորութիւններուն նմանած պիտի ըլլար։ 

Քրիստոնէական կրօնքը տեսութիւններու, օրէնքներու եւ գաղափարներու համադրում չէ, այլ` Քրիստոսի անձով ապրուած կեանք մը, որ արժէք, խորք, իմաստ եւ վաւերական նշանակութիւն կ`ունենայ Յարութեան խորհուրդով։

Մինչեւ գերեզման չէր Յիսուսի հայեացքը, Ան վստահեցուցած էր Իր աշակերտներուն թէ Յարութիւն պիտի առնէ։ 

"Քաջալերուեցէ'ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին"։(Յհ 16.33) ո՞վ կրնայ Նմանօրինակ արտայայտութիւն կատարել, եթէ ոչ` մեր Տէրը, որ Մեղքին ու մահուան իշխանութեան ենթակայ եղող մարդկութեան ազատելու եկած էր։ Ան Իր Փրկչական զոհագործումով մեղաւոր մարդուն քաւութիւն շնորհելու եւ դրախտային վայելչութեան արժանացնելու եկած էր։ "Օրէնքին համաձայն` գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ`ըլլար"։(Եբր 9.22)

Քրիստոսի Իր պատուական արեան հեղումով Աստուծոյ լիառատ շնորհքը եւ անհուն սէրը յայտնեց, եւ հրաշափառ Յարութեամբ Իր հզօր զօրութիւնը բացայայտեց։ Սէր եւ զօրութիւն։ Քրիստոսի մէջ այս երկուքը իրարմէ անբաժան են։ Սէրը կու տայ, իսկ զօրութիւնը կը յաղթէ։ Սէրը նուիրումի մղիչ ուժն է, իսկ զօրութիւնը փառքին ցուցանիշն է։ Քրիստոսի Յարութեան տօնը սիրով նուիրուելու եւ զօրութեամբ պայքարելու պատգամը կը փոխանցէ։

Այսօրուան աշխարհին մէջ մեղքին կործանարար ազդեցութիւնը զգալի է։ Կարիքն ունին վերանորոգ հոգիով եւ անսպառ եռանդով տոկալու, համբերելու, պայքար մղելու, որպէսզի Քրիստոս պատկանելու մեր կոչումին տէր կանգնինք։ Այս տառապեալ եւ վիշտի աշխարհին մէջ փրկութեան շնորհքը ունենալու ենք։ Մեր ալեկոծ եւ փոթորկոտ կեանքը ողբերգութեան կը վերածուի եթէ յարութեան յոյսը չունենանք։

Յարութեան տօնը եկեղեցւոյ մեծագոյն տօնն է։ Անլռելի օրհներգութեամբ,  հրճուողական երգակցութեանբ եւ հոգենորոգ ցնծութեամբ մեծարանք Յարուցեալ մեր Տէրը։

Յարութեան տօնն է։ Մեր ցաւը փարատող, հոգին խաղաղեցնող եւ հաւատքը ամրապնդող ոսկի առիթ է։ 

Յարութեան տօնը կը յիշեցնէ թէ Քրիստոս անսահման զօրութիւն ունի։ Ան որպէս "Արքայ Երկնաւոր" կը ներգործէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի խաչով հասնինք փրկութեան, պայքարով կերտենք պատուաբեր ապագան, եւ մեր ապրելակերպով նպաստենք Աւետարանի տարածման։

Կիրակի է յատկանշական, բաց է դուռը ողորմութեան, լսելի է կանչը յաղթութեան։ Տխուր վայրը եղաւ կարեւորագոյն ուրախութեան վկայական։ Յարութեան Կիրակին տօնական, հրաշալի հնարաւորութիւն ուխտի վերանորոգման։ Օ՜, ինչ զարմանալի, գերեզմանն է ժամադրավայրը յաղթանակի աւետման 

Ո'չ գերեզմանաքարը, ո՛չ հսկող պահապանները, ո՛չ Փարիսեցիներուն եւ քահանաներուն նախանձը, ո՛չ դաւաճանութիւնը եւ ո՛չ դաւադրութիւնը  մոռացութեան մշուշով ծածկեց ճշմարտութիւնը, քանզի ճշմարտութիւնը անթաղելի է. Քրիստոս Ինք է ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտապէս մեղքերու ներում շնորհող Փրկիչը։

"Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ' ան. յարութի'ւն առաւ"։(Ղկ 24.5_6) Երկու հրեշտակները իւղաբեր կիներուն աւետաբեր լուր տուին։ Շա՜տ լուրերու ականջ կու տանք, այս լուրը հիմնովին տարբեր է իր հրաշագործ ազդեցութեամբ։ Լուր մը, որ խորատխուր եւ խաւարախիտ հոգիին վերապրելու կարողականութիւն կու տայ։

Քրիստոս ըսաւ."Ե'ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատսյ, թէպէտեւ մեռնի` պիտի ապրի"։(Յհ 11.25) այս պատուական եւ անսուտ խոստումը մտաբերելու ենք մեր կեանքի ողջ տեւողութեան։ Ահա ա'յն ատեն ազգովին պիտի ապրինք յաղթանակի նախատօնակ եւ պիտի ստանանք փրկութեան նախաճաշակ։

Եկէք Քրիստոսի յարութեան յաղթաբեր լուրին վկաները դառնանք, ըսելով."Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ"։(Բ.Կր 2.14)

"Քրիստոս Յարեաւ Ի մեռելոց"։

 

Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...