Թալեպներու վերահսկողութեան տակ չգտնուող աֆղանական միակ նահանգի՝ Փանճշերի դիմակայութեան ուժերու առաջնորդ Ահմատ Մասուտը պատրաստ է խաղաղութիւն կնքելու թալեպներու հետ, եթէ անոնք պարտաւորուին շարժիլ դէպի քաղաքակրթութիւն։ Այս մասին ան ըսած է Paris Match-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։
«Ես խաղաղասէր մարդ եմ եւ բարին կը ցանկամ իմ ժողովուրդին»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ նոյնիսկ պատերազմի թէժ պահուն պէտք է խօսիլ թշնամիներու հետ։ «Սակայն յանձնուիլը լրիւ այլ բան է։ Եւ ես կը կրկնեմ՝ ո՛չ ես, ո՛չ ալ իմ ենթակայութեան տակ գտնուող հրամանատարները չենք պատրաստուիր յանձնուիլ»,-ընդգծած է ան։
«Պատկերացուցէք․ եթէ «Թալեպանը» սկսի յարգել կանանց, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, բաց հասարակութեան սկզբունքները եւ այլն։ Ինչո՞ւ չփորձել անոնց ըսել, որ այդ սկզբունքները օգուտ կը բերեն բոլոր աֆղաններուն, այդ շարքին՝ իրենց»,-ըսած է ան:
Մասուտն ապատեղեկատուութիւն անուանած է Փանճշերի կիրճի շրջափակման մասին թալեպներու յայտարարութիւնները։
Մասուտը քննադատած է ԱՄՆ իշխանութիւնները՝ զէնքով աջակցելէ հրաժարելու համար։ «Չեմ կրնար մոռնալ պատմական սխալը անոնց, որոնցմէ դեռ 8 օր առաջ զէնք խնդրած էի եւ մերժուած։ Ամերիկեան արտադրութեան այդ զէնքը, հրետանին, ուղղաթիռները այժմ թալեպներու ձեռքն են»,-նշած է ան։