image

«Տեղս յայտնի է եւ ոչ ոք կրնայ բռնել զիս».Քատիրով

«Տեղս յայտնի է եւ ոչ ոք կրնայ բռնել զիս».Քատիրով

«Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ՈւԱԾ) ինծի ոչ մէկ ձեւով կրնայ գտնել: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ես Կրոզնիի կեդրոնին մէջ եմ, իսկ Ուքրանիոյ յիմար անվտանգութեան ծառայութիւնը արդէն որերորդ անգամ իմ նկատմամբ հետախուզում կը յայտարարէ»։ Այսպէս Չեչնիայի ղեկավար Ռամզան Քատիրովը մեկնաբանած է իր հանդէպ հետախուզում յայտարելու մասին Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութեան որոշումը։

«Ես արդէն ըսած եմ եւ պիտի կրկնեմ՝ նշեցէ՛ք վայրը, ՈւԱԾ-ականներ, եւ ժամը: Պէտք չէ զիս փնտռել։ Ի դէպ, ես արդէն մի քանի անգամ եղած եմ Ուքրանիա, եւ այնտեղ չեմ տեսած որեւէ մէկը, որ զիս բռնելու խնդիր ունենար։ Ուքրանական հետախուզման մեթոտները, ըստ երեւոյթին, նախատեսուած են միայն համացանցի մէջ որոնման համար, քանի որ իմ հետախուզութիւնը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան ծառայութիւնը (ՈւԱԾ) չի պատրաստուիր եւ չի կրնար իրական գործողութիւն կատարել «գետնի վրայ»՝ իմ գտնուելու վայրը պարզելու համար, ելեկտրականութիւնը պարբերաբար կ'անջատուի։ Նման պայմաններու մէջ աշխատիլը շատ դժուար է։ Եւ օդային տագնապի ազդանշանները միշտ կը խանգարեն»,- գրած է Քատիրովը իր Telegram-ալիքին։