image

Ճրագալոյցի Խորհուրդը

Ճրագալոյցի Խորհուրդը

«Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։  (Ղուկաս 2:14)։ 

Յունուար 5-ի յետմիջօրէին, Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը նշէ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրոստոսի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի Տօնը: 

«Ճրագալոյց» անունը առաջացած է «ճրագ լուցանել» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ ճրագ վառել, մոմ վառել: Ըստ հազարամեայ աւանդոյթի, տաճարէն տուն տարուած լոյսը կը լուսաւորէր ամբողջ տարուայ ընթացքին՝ ցոյց տալով արդարութեան, յաջողութեան ու յաղթանակներու ճանապարհը:

Ըստ Գրիգոր Տաթեւացիին՝ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի երկու անգամ՝ Յունուարի 5-ի երեկոյեան՝ Ճրագալոյցի, եւ Յունուարի 6-ի առաւոտեան՝ Տէրունական, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը կէսգիշերին եղաւ, իսկ Մկրտութիււնը՝ կէսօրին. Այսպիսով,  Ճրագալոյցի Պատարագը Քրիստոսի Ծննդեան խորհուրդով է, իսկ առավոտեանը՝ Մկրտութեան:

Ս. Ծնունդի Խորհուրդի պատգամն է Աստուածային յայտնութեամբ շնորհուած խաղաղութեան ու համերաշխութեան ոգին եւ մարդկային հոգիներու վերանորոգումն ու փրկութիւնը:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.

Օրհնեալ է յայտնութիւնը Քրիստոսի.

                                                                         Ձեզ եւ մեզ մեծ Աւետիս ...

 

Պատրաստեց՝  Էօժէնի Պոսնոյեան