image
Հրատապ լուրեր:

Ճափոնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է ԼՂ-ի մէջ իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ

Ճափոնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է ԼՂ-ի մէջ իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին Ճափոնի ներկայացուցիչ Եուքիա Համամոթոն խոր մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ եւ նշած, որ մարտական գործողութիւններու մեկնարկէն ետք Ատրպէյճանին կոչ ըրած է անմիջապէս դադրեցնելու այն: Անոր խօսքով՝ իրավիճակի որեւէ միակողմանի փոփոխութիւն անընդունելի է:

«ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պէտք է շարունակէ զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակով»,- նշած է դիւանագէտը, եւ աւելցուցած՝ պէտք է ապահովուի մարդոց անվտանգութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մարդասիրական հասանելիութիւնը:

Համամոթոն նշած է, որ Թոքիոն բոլոր կողմերուն կոչ կ'ընէ խնդիրները լուծելու խաղաղ ճանապարհով: