image

Ճանապարհներու բացման խնդրով Ռուսաստանի ԱԳՆ-էն դիտարկում

Ճանապարհներու բացման խնդրով Ռուսաստանի ԱԳՆ-էն  դիտարկում

Պրիւսէլեան հանդիպումներէն յետոյ հնչող նախաձեռնութիւնները կը զարգացնեն երեք երկրի ղեկավարներու՝ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւնը: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ անդրադառնալով երկաթուղային հաղորդակցութիւններու բացման:

Դիւանագէտը յաւելած է, որ այդ հարցերու քննարկումները կը շարունակուին փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի շրջանակին մէջ:

«Այդ մեխանիզմին մէջ կը դիտարկուին Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր տնտեսական եւ հաղորդակցական կապերու ապաշրջափակման հարցերը», ըսած է Զախարովան եւ ողջունած է երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միջազգային ջանքերը: Ան այդ ըսած է անդրադառնալով Եւրոպայի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի յայտարարութեան՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանզատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն թեքնիքական աջակցութիւն ցոյց տալու վերաբերեալ:

«Մեր կողմէ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ե՛ւ Ատրպէյճանին, ե՛ւ Հայաստանին», յաւելած է Զախարովան: