Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի անդամներ Ռուստամ Բաքոյեանը, Շիրակ Թորոսեանը եւ Արէն Մկրտչեանը, աշխատանքային այցով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն են:
ՀՀ Ազգային Ժողովի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, պատուիրակութեան անդամները հանդիպած են Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի նախագահ Համմուտա Սապպաղի հետ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալն ընդգծած է, որ Սուրիան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար իւրայատուկ նշանակութիւն ու դերակատարում ունի: Ան գոհունակութեամբ արձանագրած է Սուրիոյ հետ աւանդական ջերմ եւ գործընկերային յարաբերութիւնները՝ խարսխուած մեր ժողովուրդներու դարաւոր պատմական կապերու, բարի կամքի եւ փոխվստահութեան ամուր հիմքերու վրայ:
Անդրադառնալով սուրիական ճգնաժամին՝ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը նշած է, որ ճգնաժամի առաջին իսկ օրէն Հայաստանը հանդէս եկած է Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման ու համապարփակ երկխօսութեամբ խնդրի կարգաւորման օգտին:
«2019 թուականից ի վեր Սիրիայում հայկական մարդասիրական առաքելութիւնն ականազերծել է գիւղատնտեսական նշանակութեան գրեթէ 2.400.000 քմ տարածք, ինչպէս նաեւ բուժօգնութիւն է ցուցաբերել աւելի քան 60.000 բնակչի: Բացի այդ, Հայաստանը 2023 թուականի փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի ժամանակ կանգնեց Սիրիայի բարեկամ ժողովրդի կողքին՝ ուղարկելով մօտ 55 տոննա մարդասիրական բեռ»,- նշած է փոխխօսնակը:
Հանդիպման ընթացքին հանգամանալից ներկայացուած է Հարաւկովկասեան տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, քննարկուած է տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Ուզում եմ յատուկ ընդգծել, որ չնայած բոլոր բարդութիւններին եւ մարտահրաւէրներին, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ունի քաղաքական կամք՝ գնալ խաղաղութեան ճանապարհով: Մենք դա հնարաւոր ենք համարում երկու կողմերի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքների հիման վրայ: Ճանապարհների ապաշրջափակումը մեր տարածաշրջանում կարող է ծառայել որպէս Պարսից ծոցը Սեւ ծովին եւ Կասպից ծովը Միջերկրական ծովին միացնող մի խաչմերուկ, որին անուանում ենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ»,- շեշտած է Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը:
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի նախագահ Համմուտա Սապպաղը խօսած է երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան մասին, կարեւորած Սուրիոյ հայ համայնքի դերն ու նշանակութիւնը՝ կառավարման հարցերէն մինչեւ տնտեսական եւ մշակութային կեանքը:
Խօսելով խաղաղութեան մասին՝ նախագահ Սապպաղն ընդգծած է, որ իրենք կը կիսեն ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքներու կարեւորութիւնը:
ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխխօսնակի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է նաեւ Սուրիա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Լիւսի Իսքէնեանի եւ բարեկամական խումբի անդամներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին Յակոբ Արշակեանը նշած է, որ կը կարեւորէ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը եւ խորհրդարանական կապերու խորացումը, որու գործին մէջ մեծ է բարեկամական խումբերու դերը՝ որպէս օրէնսդիր մարմիններու միջեւ համագործակցութեան շարժիչ ուժ:
Նախագահի տեղակալն ընդգծած է, որ պատգամաւորական բարեկամական խումբերը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանան երկու երկիրներու փոխըմբռնման ու փոխվստահութեան ամրապնդման գործընթացին, ինչպէս նաեւ միասնական տեսակէտներու շրջանակի ընդլայնման։
Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Լիւսի Իսքէնեանը շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպման համար՝ նշելով, որ ջանքեր պիտի գործադրուին համատեղ օրակարգային հարցերը հասցէագրելու եւ երկու երկիրներու միջեւ խորհրդարանական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ: