image

Տաւութօղլու. «Դաւադրութիւնները Չեն Կրնար Բաց Ստեղծել Թուրքերուն Եւ Քիւրտերուն Միջեւ»

Տաւութօղլու. «Դաւադրութիւնները Չեն Կրնար Բաց Ստեղծել  Թուրքերուն Եւ Քիւրտերուն Միջեւ»

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)   «Նիւթուող  դաւադրութիւնները չեն  կրնար  վիհ յառաջացնել   քիւրտերուն եւ թուրքերուն միջեւ» այսօր  նման  յայատարարութիւն ունեցած է  Թուրքիոյ վարչապետ Ահմատ Տաւութօղլու: Տաւութօղլու, որ ներկայիս որ  իր պաշտօնին պիտի մնայ  մինչեւ յառաջիկայ     Նոյեմբեր տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու   արդիւնքներուն  հրապարակումը նաեւ ըսած է,  որ  Անատոլիոյ (Արեւմտեան Հայաստան- Խմբ.՝«Արեւելք»)  եւ Միջագետքի  ժողովուրդները   որոշած են վճռական դաս մը տալ      բոլոր այն ահաբեկիչներուն, որոնք  կը խանգարեն    տարածաշրջանի  ժողովուրդներուն  անդորրը:     Ահմատ Տաւութօղլուի  կարծիքով    թուրքերուն, քիւրտերուն,  սիււննիներուն եւ  ալէւիներուն միջեւ առկայ  կապերը դարաւոր խորք ունին եւ այդ յարաբերութիւնները անքակտելի են: Տաւութօղլուի կարծիքով  քրտական  PKK-ն եւ     իսլամիստ   ISIS-ը  նոյն մետալին երկու երեսներն են: