image

«Հաստատել դիաւանգիտական յարաբերութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ». Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովին

«Հաստատել   դիաւանգիտական յարաբերութիւններ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ». Փաշինեան ելոյթ ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովին

Կ'ուզեմ միանգամայն անդրադառնալ այս լսարանին հետաքրքրող հարցին՝ հնարաւո՞ր է արդեօք տեւական ու կայուն խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ու իրատեսակա՞ն է արդեօք: Այս մասին «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Սա հարց է, որին միայն ՀՀ-ն չպէտք է պատասխանի։ Ես կը փորձեմ պատասխանել մեր բաժին հարցին ու կը պատասխանեմ ՀՀ-ի դիտանկիւնից: Ըստ այդմ, տեւական խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասում ոչ միայն հնարաւոր է, այլեւ իրատեսական է»,- ըսաւ ան:

Փաշինեան կէտերով ներկայացուց այդ դիրքորոշման հիմնաւորումները:

«Առաջինը պէտք է անդրադառնամ ՀՀ-ի ու Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններին: Վերջին շրջանում շատ էք լսել, որ խաղաղութեան պայմանագրի 80 տոկոսը համաձայնեցուած է, այդ մասին եղել են յայտարարութիւններ, եւ ուզում եմ գործնականում նշել, թէ ինչ է դա նշանակում: Այս պահի դրութեամբ խաղաղութեան պայմանագրի առկայ արդիւնքներով համաձայնեցուած են 13 յօդուած ու նախագծի նախաբանը, եւս 3 յօդուած, որոնք բաղկացած են 2 նախադասութիւնից, մասնակի համաձայնեցուած են՝ մէկը համաձայնեցուած է, միւսը՝ ոչ:

Խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած դրոյթները ներառում են յարաբերութիւնների միջազգայնօրէն ընկալելի յարաբերութիւնների հաստատման անկիւնաքարային դրոյթները: Հաշուի առնելով դա՝ ՀՀ-ն առաջարկել է վերցնել այն, ինչն այս պահին համաձայնեցուած է, ու ստորագրել այն, ունենալ հիմնարար փաստաթուղթ, որից յետոյ շարունակել քննարկումները մնացած հարցերի վերաբերեալ: Մանաւանդ, որ համաձայնեցուած յօդուածներից մէկում նախատեսուած է մեխանիզմ, որը երկու կողմերին հնարաւորութիւն կու տայ համատեղ շարունակել քննարկումները: Համաձայնեցուած դրոյթներից մէկով նախատեսւում է նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ: Ուզում եմ վերահաստատել իմ պատրաստակամութիւնն առաջիկայ հնարաւոր ժամկէտում ստորագրել խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած թեքստը», - ըսաւ Փաշինեան: